Լեւոն Արոնեան Անակնկալ Պարտութիւն Կրեց 12 Տարեկան Մրցակիցէն

Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի մէջ տեղի ունեցող կայծակնային ճատրակի («Պլից չես») աշխարհի ախոյեանութեան առաջին հանգրուանին, հայ մեծ վարպետ Լեւոն Արոնեան անակնկալ պարտութիւն կրեց 12 տարեկան Ֆաուսթինօ Օրոյէն:

ՖԻՏԷ-ի դասաւորման 20-րդ դիրքը գրաւող Արոնեան անակնկալի եկաւ արժանթինցի պատանի վարպետին յաղթանակէն:

Նշենք, որ այս ախոյեանութեան Հայաստանի տղոց խումբը կը ներկայացնեն 8 ներկայացուցիչներ, իսկ աղջկանց խումբը կը մասնակցի 4 ներկայացուցիչներով:

Leave a Comment