Մարզական դատական ազգային կեդրոնը որոշում տուած է հայ թենիսվումըն Էլինա Աւանէսեանի գծով, որ 2024-ին սկսած էր հանդէս գալ Հայաստանի դրօշին ներքեւ:
Ռուսիոյ թենիսի ֆետերասիոնը ինք էր, որ այս հարցով դատ բացած էր` պահանջելով նիւթական վնասներու փոխհատուցում` անոր մարզական պատրաստութեան պայմանները չկատարելուն համար:
Քանի մը ամիս տեւած դատէն ետք, դատական մարմինը հիմնաւոր նկատած է ռուսական կողմի պահանջները: Ըստ ընդունուած որոշումին, Աւանէսեան պարտաւոր է ֆետերասիոնին փոխհատուցել իր մարզական պատրաստութեան հետ կապուած ծախսերը, ինչպէս նաեւ պայմանագիրով նախատեսուած վճարումները, այդ տարուան արհեստավարժ թենիսէն ստացած եկամուտի մէկ մասը եւ յարակից ծախսերը:
Նշենք, որ օգոստոս 2024-ին 23 տարեկան թենիսվումընը պաշտօնապէս փոխած էր իր մարզական քաղաքացիութիւնը` ռուսական ֆետերասիոնէն անցնելով հայկականին: Այս քայլը դարձած էր անոր ասպարէզի կարեւոր փուլերէն մէկը եւ լայն արձագանգ ստացած էր թենիսի հանրութեան շրջանին մէջ:
Էլինա Աւանէսեան 14 մրցաշարքեր շահած է անհատական եւ զոյգերու մրցումներու գծով: Ան այժմ աղջկանց դասաւորման 118-րդ դիրքը կը գրաւէ եւ կը շարունակէ միջազգային իր ելոյթները կատարել` ներկայացնելով Հայաստանը: