Մաքրոն. «Ուքրանիոյ Դաշնակիցները Տարւոյն Սկիզբը Փարիզի Մէջ Ժողով Պիտի Գումարեն` Քննարկելու Համար Ապահովական Երաշխիքները»

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն յայտարարեց, թէ յունուարին Փարիզի մէջ պիտի գումարուի Ուքրանիոյ դաշնակիցներու ժողով մը` քննարկելու համար Ռուսիոյ հետ խաղաղութեան համաձայնութեան ծիրին մէջ Ուքրանիոյ տրամադրուելիք ապահովական երաշխիքները:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի հետ իր զրոյցէն ետք Մաքրոն յայտարարեց. «Դաշինքի փափաքող պետութիւնները յունուարի սկիզբը Փարիզի մէջ պիտի հաւաքուին իրենց իւրաքանչիւրին մասնակցութեան վերջին ճշգրտումները կատարելու համար»:

Իտալիոյ վարչապետ Ճորճիա Մելոնին եւրոպացի այլ ղեկավարներու, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութենէն ետք յայտարարեց. «Ուքրանական հարցի լուծման շուրջ բանակցութիւնները յառաջընթաց արձանագրած են, սակայն բաց հարցեր կը մնան»:

«Նախագահ Թրամփն ու Զելենսքին ուրուագծեցին ընթացող բանակցութիւններուն մէջ ձեռք բերուած արդիւնքները, մասնաւորաբար` անվտանգութեան երաշխիքներու վերաբերեալ, եւ ընդգծեցին մնացեալ հարցերը: Կը վերահաստատեմ միասնութեան կարեւորութիւնը, երբ բանակցային հոլովոյթին մէջ յառաջընթաց արձանագրուած է», կը նշուի անոր յայտարարութեան մէջ:

Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Ֆոն Տեր Լեյեն «Էքս»-ի վրայ գրեց. «Մենք Թրամփի, Զելենսքիի եւ քանի մը եւրոպացի ղեկավարներու հետ ունեցանք մէկ ժամ տեւողութեամբ արդիւնաւէտ զրոյց` քննարկելու համար անոնց խաղաղութեան բանակցութիւնները: Արձանագրուած է զգալի յառաջընթաց, որ մենք ողջունած ենք»:

Ան ընդգծեց, որ Եւրոպան պատրաստ է շարունակելու Ուքրանիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու հետ համագործակցութիւնը` ձեռք բերուած յառաջընթացը ամրապնդելու համար:

Ֆոն Տեր Լեյեն աւելցուց, որ Քիեւի համար յուսալի անվտանգութեան երաշխիքներու ապահովումը գերակայ նշանակութիւն ունի:

 

Leave a Comment