Իսրայէլեան բանակը յայտարարած է Յունաստանի եւ Կիպրոսի հետ եռակողմ զինուորական համագործակցութեան ծրագիրի ստորագրութեան մասին: ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ իսրայէլեան աղբիւրներու համաձայն, այս համաձայնագիրը, որ նախատեսուած է մինչեւ 2026 թուականը, նպատակ ունի զսպել Արեւելեան Միջերկրականի մէջ թրքական ազդեցութիւնը:
Ծրագիրը կը նախատեսէ կանոնաւոր միացեալ ռազմափորձեր, մասնայատուկ ուժերու ստորաբաժանումներու վարժեցում եւ խորհրդակցութիւններ բարձրագոյն զինուորական հրամանատարութեան մակարդակով:
Այս համագործակցութեան հիմնական նպատակը ընդհանուր պաշտպանական կարողութիւններու ամրապնդումն է եւ երեք կողմերու գործողութիւններու սերտ համակարգումը Միջերկրական ծովուն մէջ:
Իսրայէլեան լրատուամիջոցները կ՛ընդգծեն, որ այս դաշինքը շրջանին մէջ Թուրքիոյ աշխուժութեան ուղղակի պատասխան է եւ ուղղուած է մասնակից երկիրներու ուժանիւթային եւ տարածքային շահերու պաշտպանութեան:
Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը նշեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը զգուշացուցած է:
Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսի եւ Կիպրոսի նախագահ Նիքոս Խրիսթոտուլիտեսի կողքին իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ Նեթանիահու երեք երկիրներուն միջեւ զինուորական եւ ապահովական գործակցութեան ընդլայնման համաձայնութեան մասին յայտարարեց:
Ան նաեւ առանց անունը նշելու պատգամ մը յղեց Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին ըսելով. «Անոնց, որոնք կայսրութիւններու հաստատման եւ մեր երկրին տիրելու մասին կ՛երազեն, կ՛ըսեմ. «Մոռցէ՛ք, պիտի չպատահի, նոյնիսկ այդ մասին մի՛ մտածէք»:
«Մենք յանձնառու ենք եւ կարող մենք մեզ պաշտպանելու, եւ մեր գործակցութիւնը կ՛ամրապնդէ այդ կարողութիւնները: Միջին Արեւելքի մէջ ժողովրդավարութիւններս միասնաբար պիտի ամրապնդենք անվտանգութիւնը, բարգաւաճումն ու ազատութիւնը», աւելցուց Նեթանիահու:
Իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Թել Աւիւի մէջ եռակողմ վեհաժողով մը գումարուած է: Յունական եւ կիպրական լրատուամիջոցներ Միջին Արեւելքի մէջ անվտանգութեան կառուցուածքի «վերաձեւաւորման» մասին կը խօսին:
«Մաարիւ» նշեց, որ այս այցելութիւնը տեղի կ՛ունենայ, մինչ շրջանին մէջ ապահովական ու ռազմավարական խոր փոփոխութիւններ տեղի կ՛ունենան. այցելութեան նպատակը երեք պետութիւններուն միջեւ ռազմավարական կապի ընդգծումն է եւ զանոնք միացնող եռակողմ գործակցութեան առանցքի ամրապնդումը:
Կիպրական «Սիկմալայվ» կայքը, մէջբերելով Կիպրոսի կառավարութեան բանբերը, յայտնեց, որ իր տեսակին մէջ 10-րդը եղող այս վեհաժողովը «քաղաքական ու հիմնարար մեծ կշիռ ունի», մանաւանդ որ կը գումարուի սեպտեմբեր 2023-ին Նիկոսիոյ մէջ գումարուած նախկին վեհաժողովէն եւ 7 հոկտեմբերի դէպքերէն շուրջ երկու տարի ետք:
Ան շեշտեց, որ այս հանդիպումը կ՛ընդգծէ եռակողմ համախմբման «հաստատութենական հասունութիւնը» եւ արեւելեան Միջերկրականի մէջ կայունութեան ու շրջանային համագործակցութեան յենասիւն մնալու կարողութիւնը: