«Էն. Պի. Էյ. Ճէյլըն Պրաունի Եւ Քոն Քնուփելի Հերոսութիւնները

Երէկ «Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումներուն, Պոսթըն Սելթիքս 103-95 արդիւնքով կրցաւ յաղթել Ինտիանա Փէյսըրզին, հակառակ անոր որ պահ մը ետ կը մնար 20 կէտերով:

Ճէյլըն Պրաուն իր 31 կէտերէն 14-ը վերջին մասին նշանակեց մրցումի մը, որ եղաւ իր յաջորդական 7-րդը, ուր ան կը նշանակէր 30-է աւելի կէտեր:

Տերեք Ուայթ (19 կէտ), Փէյթըն Փրիչըրտ եւ Անֆերնի Սիմընզ (11-ական կէտ) եղան Պոսթընի յաջորդական 3-րդ յաղթանակի կերտիչներէն:

Փասքալ Սիսքամ 25 կէտ նշանակեց ի նպաստ Ինտիանայի, որ «Էն. Պի. Էյ.»-ի ամէնէն ձախող խումբն է 3 կէտնոց կողովներ նշանակելու: Երէկուան մրցումին, Ինտիանա իր 20 փորձերէն միայն 1-ը յաջողեցաւ նշանակել:

3 կէտնոց կողովներու գծով այս տարուան նորեկ («ռուքի») մարզիկներէն Քոն Քնուփել մրցանիշ հաստատեց` դառնալով «Էն. Պի. Էյ.»-ի պատմութեան ամէնէն արագ 3 կէտնոց 100 կողովներ նշանակող մարզիկը… 29 մրցումներու ընթացքին:

Քնուփըլ, որ միացած էր Չարլոթ Հորնեթցին, 5 յաջող 3 կէտնոց կողովներ նշանակեց (9 փորձերէն) Քլիվլենտի Քեվելիրզի դէմ, որ սակայն յաղթեց 139-132 արդիւնքով:

Տոնավըն Միչել 30 կէտ նշանակեց, մինչ Տարիըս Կարլենտ աւելցուց 27 կէտ: Լա Մելօ Պոլ 23 կէտ նշանակեց ի նպաստ Հորնեթցի:

Ստորեւ երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.

Քլիվլենտ Քեվելիրզ – Չարլոթ Հորնեթց 139-132
Պոսթըն Սելթիքս – Ինտիանա Փէյսըրզ 103-95
Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ – Տալաս Մեւրիքս 119-113
Տենվըր Նակեթց – Եութա Ճեզ 135-112
Օքլահոմա Սիթի Թանտըր – Մեմֆիս Կրիզլիզ 119-103
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Օրլանտօ Մեճիք 120-97
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Տիթրոյիթ Փիսթընզ 102-110

 

Leave a Comment