Բարգաւաճում եւ ազատագրում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպէյսի յայտնեց. «Լիբանանի մէջ քաղաքական իրողութեան փոփոխութեան ձգտող կայ` պնդելով, թէ հիմնական խնդիրը Դիմադրութիւնն ու անոր զէնքն է, եւ ոչ թէ Իսրայէլը, անոր անբարտաւանութիւնն ու շարունակուող յարձակումները»:
«Լիբանանի դիմագրաւած իսկական խնդիրը ներքին պառակտումն ու քաղաքական տարակարծութիւնն է», նշեց ան:
«Ոչ բոլոր լիբանանցիները համաձայն են Դիմադրութեան եւ հայրենիքը պաշտպանելու ընտրանքին, մինչ ոմանք դժբախտաբար կ՛աշխատին ծիրին մէջ արտաքին քաղաքականութիւններու, որոնց նպատակը հայրենիքի մէջ իրենց գործընկերներն ու եղբայրները տկարացնելն է` զինաթափման կոչ ուղղելով եւ զէնքը Լիբանանի վրայ բեռ նկատելով», աւելցուց երեսփոխանը:
«Երկրին սպառնացող հիմնական վտանգը Դիմադրութիւնը չէ, այլ ոմանց` կուսակցութիւններու եւ երեսփոխանական պլոքներու պետերու կողմէ օգտագործուող համայնքային եւ յարանուանական հռետորաբանութիւնն է», շեշտեց Քպէյսի:
«Գոյութիւն ունին ոմանք, որոնք կը փորձեն ներքին քաղաքական նեղ շահեր ապահովել, խորհրդարանէն կառավարութիւն եւ մինչեւ նախագահութիւն պետութեան հաստատութիւններուն տիրելու կը ձգտին` մասնաւորաբար ընտրական օրէնքի թղթածրարին մէջ հրահրելով տագնապներ, որոնց նպատակը իրենց քաղաքական ախորժակները բաւարարող օրէնքներ պարտադրելն է», յայտնեց ան:
«Յառաջիկայ ընտրութիւնները կ՛ընթանան երկու ընտրանքներու եւ հայեցակարգերու շուրջ` կա՛մ Դիմադրութեան երթը շարունակել եւ թշնամիին դէմ հաստատ կանգնիլ, կա՛մ ալ զիջիլ, ենթարկուիլ հայրենիքին շահերուն չծառայող այլոց քաղաքականութիւններուն», ըսաւ երեսփոխանը:
«Ժամանակն է միախմբուած կանգնելու թշնամիին դէմ, ամրապնդել ազգային միասնականութիւնը եւ չհետապնդել ներքին ծրագիրներ, որոնք կը տկարացնեն ան, որ դիմադրեց, եւ Լիբանանի ու անոր գերիշխանութեան պաշտպանութեան համար նահատակներ տուաւ», յայտնեց Քպէյսի: