Ֆատլալլա Եւ Հաշեմ Քաթար Այցելեցին

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայէն յայտարարեց. «Շրջանը Նեթանիահուի կառավարութեան կողմէ մագլցում արձանագրող սպառնալիքներու լոյսին տակ մեծ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ, եւ ասիկա շրջանի պետութիւններէն ու ժողովուրդներէն բարձր աստիճանի գործակցութիւն ու համակարգում կը պահանջէ, որովհետեւ վտանգը բոլորին կը սպառնայ»:

Ֆատլալլա այս մասին յայտնեց Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքէն երեսփոխան Քասեմ Հաշեմի հետ իբրեւ Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցիչ Տոհայի մէջ Ասիական խորհրդարաններու միութեան ծրագրաւորման ու ամավարկի յանձնախումբի ժողովի մասնակցութեան ընթացքին:

Երկու երեսփոխանները Տոհայի մէջ հանդիպում ունեցան Քաթարի խորհրդարանի նախագահ Հասան Պըն Ապտալլա Ղանեմի հետ եւ անոր փոխանցեցին Լիբանանի խորհրդարանի նախագահին ողջոյնները:

Ֆատլալլա խօսեցաւ Լիբանանի եւ Քաթարի միջեւ պատմական յարաբերութիւններուն եւ դժուար պահերուն, մասնաւորաբար յուլիս 2006-ի յարձակումէն ետք Քաթարի Լիբանանին տրամադրած աջակցութեան եւ բոլոր պահերուն Լիբանանի կողքին կանգնելուն մասին:

«Ներկայիս մեր երկիրը իսրայէլեան յարձակումներուն շարունակման պատճառով բազմաթիւ դժուարութիւններէ կ՛անցնի, ինչ որ այս յարձակումները դադրեցնելու անկեղծ ջանքերու միաւորում կը պահանջէ», նշեց ան:

Ղանեմ իր կարգին յայտնեց, թէ Քաթար Լիբանանի կողքին կը կանգնի ընդդէմ անոր դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն:

«Քաթար կը սիրէ ու կը գնահատէ լիբանանցի ժողովուրդը եւ բոլոր պայմաններուն մէջ անոր կողքին պիտի կանգնի», նշեց Քաթարի խորհրդարանի նախագահը:

 

 

 

Leave a Comment