Իրաքի վարչապետ Մոհամետ Շայեահ Սուտանին կիրակի, 21 դեմտեմբերին բացումը կատարեց Պաղտատի կեդրոնը գտնուող Հայ առաքելական Ս. րիգոր եկեղեցւոյ` անոր վերանորոգման աւարտէն ետք, Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առիթով:
Վարչապետը շրջեցաւ եկեղեցւոյ սրահները եւ միջանցքները` ծանօթանալու այս կարեւոր կրօնական կեդրոնին մէջ իրականացուած համապարփակ վերականգնողական աշխատանքներուն: Ան իր խօսքին մէջ երախտագիտութիւն յայտնեց այս սրբազան վայրին մէջ գտնուելու համար եւ յայտարարեց անոր վերաբացումը` վերականգնման եւ վերականգնողական աշխատանքներու աւարտէն ետք:
Վարչապետ Սուտանին նշեց, որ եկեղեցւոյ վերակառուցումը կ՛արտացոլէ բազմազանութեան եւ համակեցութեան ոգին, որ կը բնորոշէ նոր Իրաքը, եւ կը ներկայացնէ կարեւոր քայլ` Պաղտատի պատմական շքեղութիւնը վերականգնելու եւ անոր մշակութային, քաղաքակրթական եւ ճարտարապետական ժառանգութիւնը պահպանելու ուղղութեամբ: Ան ընդգծեց, որ եկեղեցւոյ վերանորոգումն ու վերակառուցումը իրաքեան ազգային պատասխանատուութիւն է եւ նուիրուածութիւն իրաքեան հասարակութեան արժէքաւոր բաղադրիչի մը նկատմամբ, որ հայ առաքելական համայնքն է: Ան նաեւ գնահատեց բոլոր անոնք, որոնք իրենց ներդրումը ունեցան վերանորոգման աշխատանքներուն մէջ` վերահաստատելով իրաքեան կառավարութեան շարունակական յանձնառութիւնը կրօնական-պատմական ժառանգութիւնը պաշտպանելու եւ Պաղտատի պատմական ինքնութիւնը ընդգծելու` ճարտարապետական յուշարձաններու վերականգնման միջոցով:
Իրաքի վարչապետի տեղեկատուական գրասենեակին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ Պաղտատի Հայ առաքելական Ս. Գրիգոր եկեղեցւոյ մէջ իրականացուած են վերանորոգման եւ վերականգնողական աշխատանքներ, որոնք առաջին ու ամէնէն ծաւալուն վերանորոգումն են 1957 թուականին եկեղեցւոյ հիմնադրուելէն ի վեր` նպատակ ունենալով վերականգնել այս կարեւոր կրօնական եւ ժառանգական տեսարժան վայրը:



