Յայտարարութիւններ (23 Դեկտեմբեր 2025) – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

ՄԱՀԱԶԴ

Տիկին Սիրվարդ Արապաղեան-Գուլաճեան
Տէր եւ տիկին Րաֆֆի եւ Թամար Գուլաճեան եւ զաւակունք
Օրդ. Մարալ Գուլաճեան
Օրդ. Վիգի Գուլաճեան
Հանգուցեալ Պօղոս Գուլաճեանի ընտանիք
Տէր եւ տիկին Մանուկ եւ Լենա Գուլաճեան եւ ընտանիք
Օրդ. Համեստուհի Գուլաճեան (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Արշակ եւ Նուէր Գուլաճեան եւ ընտանիք (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Վարդան եւ Նայիրի Գուլաճեան եւ զաւակունք (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Հրաչ եւ Լենա Գուլաճեան եւ զաւակունք (Միացեալ Նահանգներ)
Գնդապետ Գրիգոր Արապաղեան եւ զաւակունք
Տիար Կարապետ Արապաղեան
Տէր եւ տիկին Աւետիս եւ Մարալ Արապաղեան եւ ընտանիք
Գուլաճեան եւ Արապաղեան ընտանիքներ
Ադամեան եւ Մկրտիչեան ընտանիքներ
Պապէեան եւ Հաննէշեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, եղբօր, հօրեղբօր, մօրեղբօր, քեռայրին եւ հարազատին`

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱՐՈՒՇ ԳՈՒԼԱՃԵԱՆԻ
(Ծնեալ` 1952-ին)

մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 22 դեկտեմբեր 2025-ին:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` երեքշաբթի, 23 դեկտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին երեքշաբթի, 23 եւ չորեքշաբթի, 24 դեկտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ:

————————————–

YEREVAN STORE

ՍԵՓԱԿԱՆԱՏԷՐ` ԹԱՄԱՐ ԵՒ ՐԱՖՖԻ

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՐԱԶԱՏ
ԱՐՏԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՏԵՍԱԿԱՆԻ

Յարգոյ յաճախորդներուն կը յայտնենք, որ աւարտած ըլլալով վաճառատան նորոգութիւնները եւ անոր վերաբացման առիթով, յաճախորդները այդտեղ պիտի կարենան այցելել ամէն օր առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00-ը:

YEREVAN STORE.- Պուրճ Համուտ,
Արաքս փողոց, թիւ 63 թաղ, հեռաձայն`
01-254747 եւ 81-002115

Leave a Comment