Ուշաքով. «Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Եռակողմ Ժողովի Գումարման Նախաձեռնութեան Մէջ Լրջութիւն Չկայ»

Ուքրանիոյ խաղաղութեան ծրագիրին մէջ Քիեւի եւ Եւրոպայի կողմէ ներկայացուած փոփոխութիւնները կը յետաձգեն համաձայնութիւններու ձեռքբերումը: Այս մասին յայտարարեց Ռուսիոյ նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքով:

«Ես աւելի քան վստահ եմ, որ այն կէտերը, որոնք եւրոպացիները կը փորձեն ներդրել, անշուշտ չեն բարելաւեր երկարաժամկէտ խաղաղութեան հասնելու կարելիութիւնները», նշեց Ուշաքով:

Ռուսիոյ նախագահի օգնականը յայտնեց. «Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Ուքրանիոյ միջեւ եռակողմ ժողով գումարելու նախաձեռնութեան մէջ լրջութիւն չկայ»:

Յիշեցնենք, որ Մայամիի մէջ շաբաթ օր սկսաւ Ուքրանիոյ տագնապի լուծման շուրջ բանակցութիւններ Ռուսիոյ նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Քիրիլ Տմիթրիեւի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահի յատուկ պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆի եւ Ճարետ Քուշների միջեւ:

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, թէ Տմիթրիեւ լրագրողներուն յայտնած է. «Բանակցութիւնները մինչեւ հիմա շինիչ կերպով կ՛ընթանան»:

 

Leave a Comment