Կիպրոսի «Ազատ խոսք» լրատվականի խմբագիր, հրապարակախոս Երան Կոյումջյանը գրում է. «ՍՐՏԻ ԽՈՐ ՑԱՒՈՎ՝ ԻՄ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՍ
ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ՍՈՒՐԲ ԵԿԵՂԵՑԻԻ գործերը կը լուծուին եկեղեցւոյ կողմէ, որ յայտնուեր է այսօր քաղաքական բռնաճնշումներու թիրախին: Օրէ օր հայ հանրութիւնը տագնապով կը սպասէ եկեղեցիին եւ եկեղեցականներուն դէմ նորանոր ոտնձգութիւններու, որոնց վերջը չերեւիր:
Եկեղեցին փակ կառոյց է եւ իր խնդիրները պէտք է լուծուին իր իսկ կողմէ, ըստ անոր կանոնակարգին, եւ պէտք չէ դառնան քաղաքական շահարկումներու առարկայ: Եկեղեցին հայուն ինքնութեան անբաժանելի մասն է եւ հոս գոնէ պառակտում ստեղծելը միայն թշնամիին օրակարգին կրնայ ծառայել:
Մայր Աթոռը գրոհելը յայտնապէս ՀՀ իշխանութեանց օրակարգին մէջ է եւ ԱՍՏՈՒԱԾ ՄԻ՛ ԱՐԱՍՑԷ որ նման բան իրօք կատարուի, յայնժամ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԸ կը դառնայ քաղաքական թատերաբեմ, անկանխատեսելի հետեւանքներով եւ ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԵԾ ԽԱՅՏԱՌԱԿՈՒԹԵԱՄԲ:
ՁԵՌՔԵՐՆԻԴ ՀԵՌՈՒ ՊԱՀԵՑԷՔ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ Ս. ԷՋՄԻԱԾԻՆԷՆ, որ կը մնայ դար ու դարեր ազգի ու հայրենիքի ՍՐԲՈՒԹԻՒՆ ՍՐԲՈՑԸ:
ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ, ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ սրբութիւններուն, գերագոյն արժէքներուն ձեռք տալը, զանոնք վարկաբեկելը (իբր թէ բարեկարգելու համար) սրբապղծութիւն է:
Ի դէպ, Ս. ԷՋՄԻԱԾԻՆԸ, ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԸ կը պատկանի համայն հայութեան եւ ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ կաթողիկոսն է ՀԱՄԱՅՆ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ: Մի ստորադասէք ՀԱՄԱՅՆ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ տեսակէտն ու խորհուրդը»: