Հայաստանը եղած է եւ կը մնայ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) դաշնակից, դռները բաց են հանրապետութեան լիարժէք մասնակցութեան համար։ Այս մասին ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Իմանկալի Թասմակամպեթով։«Հայաստանը եղած է եւ կը մնայ մեր դաշնակիցը։ Մենք յոյս ունինք, որ Հայաստանը տեսանելի հեռանկարին պիտի վերադառնայ ՀԱՊԿ-ին լիարժէք մասնակցութեան։ Ատոր համար կան բոլոր պայմաններն ու նախադրեալները. մենք կը մեկնինք անկէ, թէ Հայաստանի ժողովուրդը շահագրգռուած է Եւրասիոյ մէջ անվտանգութեան ընդհանուր տարածքի ստեղծումով։ Աւելի՛ն, նոյեմբերին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն կատարեց, որ ՀԱՊԿ-ի կազմէն Հայաստանի դուրս գալու հարց չկայ», ըսած է ան՝ պատասխանելով կազմակերպութեան կազմէն Հայաստանի դուրս գալու հաւանականութեան մասին հարցումին։
«Ինչպէս յայտնի է, Հայաստանի Հանրապետութիւնը դադար տուած է կազմակերպութեան մէջ իր աշխատանքին, ինչ որ կ´արտացոլէ ՀԱՊԿ-ի նկատմամբ Հայաստանի քաղաքական ղեկավարութեան՝ այս պահուս ձեւաւորուած դիրքորոշումը։ Ատիկա անկախ եւ գերիշխան պետութեան որոշում է, որուն վրայ ազդել չի կրնար որեւէ պետութիւն կամ կազմակերպութիւն», նշած է ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը։