Այսօր ժամը 14։15-ին Սաֆայի դաշտին վրայ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ պիտի հիւրընկալէ Թրիփոլիի Իժթիմահին։
Լիբանանի ֆութպոլի Գ. դասակարգի ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ եղող այս մրցումին, ՀՄԸՄ-ի տղաքը պիտի ընեն իրենց կարելին՝ յաղթելու մրցակիցին, արձանագրելով յաջորդական 2-րդ յաղթանակը։
Առաջին մրցումին 1-0 արդիւնքով յաղթած ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ պիտի մրցի խումբի մը դէմ, որ անցեալ շաբաթ 4-2 արդիւնքով պարտուած էր Հորր Ամելիյյայէն։
Համակիրներէն կը սպասուի խիտ շարքերով ներկայանալ եւ քաջալերել իրենց խումբը, որ Բ. դասակարգ բարձրանալու թեկնածուներէն մէկն է։