Երէկ վարչապետարանին մէջ տեղի ունեցաւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի կնոջ՝ Սահար Պաասիրիի հովանաւորութեամբ մեծ հանդիսութիւն մը, որուն ընթացքին ՄԱԿ-ի առողջապահութեան գործակալութիւնը երիտասարդութեան ու մարմնակրթութեան, կրթութեան եւ առողջապահութեան նախարարութիւններուն հետ մեկնարկը տուաւ «Առողջ միտումներ» կոչուող արշաւին, որ յատկացուած է երիտասարդներուն եւ պատանիներուն առողջապահական եւ ընկերային խնդիրներու մասին իրազեկման։
Հանդիսութեան վարչապետի կնոջ կողքին ներկայ էին երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան, կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Ռիմա Քարամէ եւ առողջապահութեան նախարար Ռաքան Նասրէտտին։