Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Նոր տարուան տօնական սեղանը աւելին է, քան` պարզապէս ճաշկերոյթ. ան խորհրդանիշ է, որ կը կանխագուշակէ եւ կը ձեւաւորէ գալիք տարին։ Հնագոյն հաւատալիքներու համաձայն, այն- ինչ մենք կ´ուտենք Նոր տարուան նախօրէին կամ առաջին օրը, կ´ապահովէ` մեր բախտը, հարստութիւնը եւ առողջութիւնը յաջորդ 12 ամիսներուն համար։
Աշխարհի տարբեր ժողովուրդներ կ´օգտագործեն այնպիսի մթերքներ, որոնք կþարտացոլացնեն իրենց փափաքները` մետաղադրամի տեսքով հատիկներ, որոնք հարստութիւն կը խորհրդանշեն, երկարաւուն դդմաճներ` երկարակեցութիւն, կամ խոզի միս, որ բարգաւաճութիւն կը խորհրդանշէ։ Եւ այսպէս`
Հայաստան
Հայկական Ամանորեայ սեղանը մշտապէս առանձնացեր է իր ծաւալով եւ բազմազանութեամբ, որ կը խորհրդանշէ գալիք տարուան բերրիութիւնը։
– Խորոված խոզի պուտը` աւանդական հայկական սեղանի գլխաւոր զարդը, կը խորհրդանշէ բարգաւաճում եւ առատութիւն։
– Գաթան եւ փախլաւան, ինչպէս նաեւ տարբեր չիրեղէնները կ´ապահովեն գալիք տարուան «քաղցրութիւնը»։|
– Ղափաման` դդումով, բրինձով, չիրերով, ընկուզեղէնով եւ մեղրով պատրաստուած այս ուտեստը կը խորհրդանշէ բերքառատութիւն եւ բազմազանութիւն։
Մեքսիքա
Մեքսիքայի մէջ Նոր տարին կը նշուի ընտանեկան մեծ հաւաքոյթներով։
– Թամալեսը եգիպտացորենի խմորով պատրաստուած ուտեստ է, որուն մէջ միս, պանիր եւ մրգեղէն կը լեցուի եւ կը փաթթուի եգիպտացորենի կամ պանանի տերեւով ու կը շոգեխաշուի։
Թամալեսը մեծ աշխատանք կը պահանջէ եւ զայն կը պատրաստեն ընտանիքին բոլոր անդամները։ Թամալեսը միասնութեան խոհրդանիշ է եւ առատ տօնական սեղանը կիսուելու աւանդութիւն։
Սպանիա
Սպանիոյ Նոր տարուան գիշերը կը կրէ «Ամանորեայ 12 խաղողի հատիկներ» աւանդութիւնը։ Երբ Մատրիտի Փուետրա տել սոլ հրապարակի ժամացոյցը կէսգիշերին սկսի հնչելու, իւրաքանչիւր սպանացի պէտք է մէկ խաղողի հատիկ ուտէ ժամացոյցի 12 զարկերէն իւրաքանչիւրին համար։
Իւրաքանչիւր հատիկ կը խորհրդանշէ յառաջիկայ տարուան մէկ ամիսը։ Այս «մրցավազքը» յաջող աւարտելու պարագային, յառաջիկայ 12 ամիսները
կ´ըլլան երջանիկ եւ յաջողակ։
Իտալիա
Իտալացիներու Ամանորեայ սեղանի անփոխարինելի ուտեստը ոսպն է։ Իտալացիք կը հաւատան, թէ որքա՛ն շատ ոսպ ուտեն Նոր տարուան գիշերը, այնքան շատ կը հարստանան յառաջիկայ տարի։
Ոսպին կլորաւուն, տափակ ձեւը շատ նման է հնագոյն հռոմէական մետաղադրամներուն, եւ ան կը համարուի հարստութեան եւ բարգաւաճութեան բացարձակ խորհրդանիշ։
Ճափոն
Ճափոնի մէջ Նոր տարուան գիշերը մատուցուող ուտեստները լի են մշակութային խորհրդանիշներով։
– Թոշիկոշի սոպան պարտադիր ուտեստ է` պատրաստուած երկար, բարակ հնդկացորենի դդմաճով։ Ան կը խորհրդանշէ երկարակեցութիւն եւ բարեկեցութիւն. զայն պէտք է կլլել առանց կտրելու, որպէսզի կեանքի թելը չկտրուի…
Սպանացիին խաղողի հատիկները, իտալացիին ոսպը, ճափոնցիին սոպան, մեքսիքացիին թամալեսը եւ հայուն խոզի պուտը մէկ նպատակի կը ծառայեն` խորհրդանշականօրէն «ուտել» յաջողակ ապագայ։
Հետաքրքրական
Ինչպէ՞ս Սովորական Հացը Դարձաւ
Եունեսքօ-ի Համաշխարհային Ժառանգութիւն
Լաւաշը աւելին է, քան` պարզապէս սնունդ. ան ինքնութեան, համայնքի եւ սերունդներու միջեւ կապի խորհրդանիշ է։ Եկէ՛ք ծանօթանանք, թէ ինչպէ՛ս կրցաւ այս համեստ թուացող հացը գրաւել աշխարհի ուշադրութիւնը եւ արժանանալ մարդկութեան ամենահեղինակաւոր կոչումներէն մէկուն` ընդգրկուելով ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ցանկին մէջ։Լաւաշի Թխման Արուեստն Ու Ծէսը
Լաւաշին ուժը ոչ թէ բաղադրատոմսին, այլ անոր պատրաստման մշակոյթին մէջ է։ Աւանդաբար լաւաշ թխելը կիներու գործ է, որ հմտութիւն, համբերութիւն եւ խմբային աշխատանք կը պահանջէ։ Գործընթացը ծիսակարգի նման է, որուն կեդրոնը թոնիրն է` հայկական տան սիրտը, որ կը խորհրդանշէ արեւը եւ կեանքը։–Խմորի Պատրաստութիւն. պարզ բաղադրիչներէ (ալիւր, ջուր եւ աղ) պատրաստուած խմորը կը հունցուի, գունդերու կը վերածուի եւ կը ձգուի` հանգստանալու։
–Խմբային Աշխատանք. կիները կը հաւաքուին թոնիրին շուրջ։ Մէկը կը գրտնակէ բացուած խմորի գունդերը, միւսը` փորձառու թխողը, կþառնէ բարակ բացուած խմորը եւ ձեռքերուն վրայ դարձնելով զայն կը հասցնէ թուղթի բարակութեան։
–Թխման Պահը. բացուած խմորը կը փոխադրուի յատուկ բարձի վրայ եւ հմուտ շարժումով մը կը փակցուի տաք թոնիրի պատին։ Շատ չանցած` արդէն պատրաստ, բուրաւէտ լաւաշը թոնիրէն կը հանուի մետաղեայ կեռով։
Այս գործընթացը պարզապէս հաց թխել չէ։ Ան հաղորդակցելու, պատմութիւններ պատմելու, գործը երիտասարդ սերունդին փոխանցելու առիթ է։ Լաւաշը կը միաւորէ` ընտանիքի անդամները, դրացիներն ու համայնքը։
Դէպի ԵՈՒՆԵՍՔՕ
2014-ին լաւաշը ընդգրկուեցաւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մարդկութեան ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ցանկին վրայ։ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն ի՞նչ չափանիշներու հիման վրայ կայացուց իր որոշումը. ան կը գնահատէ ոչ թէ բուն առարկան (լաւաշը` որպէս հաց), այլ անոր հետ կապուած կենդանի աւանդութիւնը։ Հիմնական չափանիշներն էին.
Ա.- Սերունդէ սերունդ փոխանցում։ Լաւաշ թխելու հմտութիւնները եւ գիտելիքները կը փոխանցուին մայրերէն դուստրերուն` ապահովելով աւանդութեան շարունակականութիւնը։
Բ.- Համայնքային նշանակութիւն։ Լաւաշը կþամրապնդէ ընկերային կապերը եւ կը խթանէ համագործակցութիւնը։
Գ.- Մշակութային ինքնութեան զգացում։ Լաւաշը հայ ժողովուրդի ինքնութեան անբաժանելի մասն է, որ կը կապէ անցեալը ներկային։
Դ.- Մարդկային ստեղծագործութեան դրսեւորում։ Հակառակ իր պարզութեան` լաւաշի պատրաստութիւնը բացառիկ վարպետութիւն կը պահանջէ։
Ինչ Կը Նշանակէ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Կարգավիճակ
Շատ կարեւոր է հասկնալ, որ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ցանկին վրայ ընդգրկուիլը «սեփականութեան իրաւունք» կամ «հեղինակային իրաւունք» չի տար։ Հայաստանին համար այս կարգավիճակը կը նշանակէ 2 բան.
1.- Միջազգային ճանաչում։ Աշխարհը պաշտօնապէս կը ճանչնայ, որ լաւաշի հետ կապուած աւանդութիւնը հայկական մշակոյթի կենդանի եւ անբաժանելի մասն է։
2.- Պահպանման պարտաւորութիւն։ Այս կարգավիճակը ստանալով` Հայաստան կը պարտաւորուի քայլերու ձեռնարկել այս աւանդութիւնը պահպանելու, գրանցելու եւ սերունդներուն փոխանցելու համար։
Հայկական Մշակոյթի Միւս
Գանձերը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-իՑանկին Վրայ
Լաւաշը միակը չէ։ Հայկական մշակոյթը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ցանկին վրայ ներկայացուած է նաեւ այլ գոհարներով, ինչպիսիք են`
– Տուտուկի երաժշտութիւնը,
– «Սասնայ Ծռեր» դիւցազնավէպը,
– Խաչքարի արուեստը. խորհուրդը եւ խաչքարագործութիւնը,
– Քոչարի աւանդական խմբապարը,
– Սուրբ Թադէոս վանքի ուխտագնացութիւնը (Իրանի հետ համատեղ)։
Այսպիսով, լաւաշի ճանաչումը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէ պատմութիւն է այն մասին, թէ ինչպէ՛ս ամենասովորական եւ ամէնօրեայ թուացող բաներ կրնան կրել մշակութային իմաստ եւ դառնալ մարդկութեան համընդհանուր արժէք։
Ժառանգութիւնը ոչ միայն թանգարանային նմուշներն ու յուշարձաններն են, այլեւ` այն կենդանի աւանդութիւնները, որոնք մենք կþապրինք ամէն օր թոնիրի շուրջ, սեղանի շուրջ, սերունդներու միջեւ։
(Քաղուած` «Soread.me»-էն)
Խոհագիր
7 Բանջարեղէններով
Ապուր
– 6 միջակ ստեպղին
– 1 պրասի ցողուն
– 2 միջակ լոլիկ
– 2 միջակ դդում
– 1 սոխ
– 1 շողգամ
– 2 գետնախնձոր
– 1 նեխուրի ճիւղ
– 10 սլ թարմ սեր
– 10 կ կարագ
– 1 խորանարդ խտացած արգանակ
– Աղ, սեւ պղպեղ
Պատրաստութիւն
Բանջարեղէնները լուալ, կեղուել եւ խորանարդաձեւ կտրատել։ Բարակ մանրել պրասը։
Կաթսային մէջ կարագը հալեցնել, աւելցնել պրասն ու սոխը եւ տապկել 3-4 վայրկեան։
Աւելցնել մնացեալ բանջարեղէնները, նեխուրի ճիւղը, մինչեւ երեսը ջուրով ծածկել, աւելցնել խտացուած արգանակը, աղն ու սեւ պղպեղը եւ եփել մինչեւ բանջարեղէնները փափկանան։
Ելեկտրական հարիչով բանջարեղէնները խիւսի վերածել, փոխադրել ներկայանալի ամանի մէջ, թարմ սեր աւելցնել եւ տաք մատուցել։
***
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Հոնի Կորիզը
Տարեմուտի երեկոյին
Մայրս թխեց կարկանդակ,
Մէջը դրաւ հոնի կորիզ,
Իբրեւ բախտի նշանակ:
«Կորիզն,- ասաց,- ում որ ընկնի,
Դովլաթաւոր կը դառնայ,
Ո՛ւր որ գնայ, ի՛նչ գործ բռնէ,
Փառք ու պատիւ կը ստանայ»:
Կարկանդակը բաժանեցինք,
Կորիզն ընկաւ ինձ բաժին,
Եղբայրներս սրտնեղելով՝
Նախանձեցին իմ բախտին:
«Կոյր է բախտը, սուտ չէ ասած»,
Մեծ եղբայրս փնթփնթաց,
«Մի՞թէ սա է ամէնիս մէջ
Աշխատաւոր, բանիմաց…»
Մէկելներն հաւանեցին
Մեծ եղբօրս ասածին.-
«Իրա՛ւ, իրա՛ւ, չէր արժանի»,
Միաբերան ձայնեցին…
Մայրս ասաց. «Խելօք կացէք,
Ահա կը գայ Նոր տարին,
Նա որ տեսնէ ձեզ կռուելիս՝
Պարգեւ չի տայ ոչ մէկին:
Բայց որ տեսնէ դուք սիրով էք
Եւ խռով չէք իրանցից,
Այնուհետեւ ինչ որ ուզէք,
Չի խնայի ձեզանից»:
Այս ասելով՝ նա մեզ տուաւ
Տեսակ-տեսակ մրգեղէն,
Չիր ու չամիչ, տանձ ու խնձոր
Եւ զանազան քաղցրեղէն:
Քաղցր կերանք ու քաղցրացանք
Եւ խնդացինք շատ ու շատ,
Չարազ առինք նուռ, սերկեւիլ,
Ունաբ, սալոր, թուզ, փշատ:
«Հոնի կորիզն» այնուհետեւ
Բոլորովին մոռացանք,
Եւ շատ սիրով իրար գրկած,
Պառկոտեցինք, քնացանք…
ՂԱԶԱՐՈՍ ԱՂԱՅԵԱՆ
