Անդրադառնալով Ազրպէյճանէն Վրաստանի Տարածքով Տարանցման՝ Քոպախիծէ. «Մեզի Համար Կարեւոր Են Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Շահերը. Մենք Ալ Ունինք Մեր Սեփական Շահերը» – Aztag Daily

Մեզի համար կարեւոր են ազրպէյճանական եւ հայկական կողմերու շահերը։ Մենք նոյնպէս ունինք մեր սեփական շահերը, եւ ես կը կարծեմ, որ բանակցութիւններու արդիւնքներուն հիման վրայ մենք դիւրութեամբ պիտի գտնենք լաւագոյն լուծումը, որ պիտի ծառայէ բոլոր երեք երկիրներու շահերուն։ Այս մասին յայտարարած է Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Քոպախիծէ։

«Ես Թիւրքմենիստանի մէջ շատ բարեկամական հանդիպում ունեցած եմ Ազրպէյճանի վարչապետ Ալի Ասատովի հետ։ Ընդհանուր առմամբ, Ազրպէյճան մեր յատուկ բարեկամն է. մեր կառավարութիւնները զարգացուցած են բացառիկ բարեկամական յարաբերութիւններ, ուստի մեզի համար դժուար պիտի չըլլայ որեւէ հարցի շուրջ հասարակաց լեզու գտնել», ընդգծած է Վրաստանի վարչապետը։

Leave a Comment