Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն Պաապտայի պալատին մէջ Աշխարհի վրայ լիբանանեան մշակութային համալսարանի նոր վարչութիւնը ընդունելով յայտնեց. «Բանակցութեան ճամբով աշխատանք կը տանինք անվտանգութեան եւ կայունութեան մասնաւորաբար հարաւային Լիբանանի մէջ հաստատման համար, եւ բանակցիլը յանձնուիլ չի նշանակեր»։
«Իբրեւ հանրապետութեան նախագահ պիտի ընթանամ որեւէ ճամբով, որ զիս Լիբանանի շահը կ´առաջնորդէ, եւ ատոր մէջ կարեւորը պատերազմի ուրուականը հեռացնելը, վերաշինութիւնը, մարդիկ իրենց հողին վրայ հաստատելը, Լիբանանը տնտեսապէս վերակենդանացնելն ու անոր պետութիւնը զարգացնելն է», նշեց նախագահը։
Հանրապետութեան նախագահը ընդգծեց, որ պատերազմ խրախուսողին խաղը բացայայտուեցաւ, որովհետեւ պատերազմի շունչով ապրող կայ՝ ընտրութիւնները անոր հիմամբ կատարելու համար։