Սուրիոյ ներքին ապահովութեան տնօրէնութիւնը Ռիֆ Տիմաշք նահանգի Զապատանի շրջանին մէջ գրաւած է զէնքեր, որոնք Լիբանան մաքսանենգուելու համար պատրաստուած էին։
Սուրիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը նշեց, որ «մեղսակիցներու շարժումներու մանրակրկիտ հետապնդումէն ետք, տնօրէնութիւնը սահմանամերձ Սարղայա գիւղին մէջ լարեց թակարդ մը, որ յանգեցաւ գրաւմանը զէնքերու քանակի մը, որ ի յայտ եկաւ, թէ կը պարունակէ «Առ. Փէ. Ժէ.»-ի մեծաքանակ հրթիռներ, որոնք կանոնաւոր կերպով պահուած են առ ի պատրաստութիւն սահմանէն զայն մաքսանենգելու»։
Նախարարութիւնը նշեց, որ անոնք գրաւուած են եւ փոխանցուած առնչակից կողմերուն՝ անհրաժեշտ իրաւական քայլերու որդեգրման համար։