Ռէալ Մատրիտի ֆրանսացի յառաջապահ Քիլիան Էմպափէ իր նախկին ակումբին՝ Փարիզ Սեն Ժերմենի դէմ չվճարուած աշխատավարձքի եւ պոնիւսներու շուրջ ընթացող դատական գործընթացը շահեցաւ։
Ըստ «Էր. Էմ. Սէ. Սփոր»-ի, Փարիզի աշխատանքային դատարանը վճիռ արձակած է ֆութպոլիստի օգտին՝ ամբողջութեամբ մերժելով ֆրանսական ակումբի հակադարձ հայցերը։ Փարիզ Սեն Ժերմենի ընդհանուր պարտքը, ներառեալ արձակուրդի վճարումը, կը կազմէ մօտ 61 միլիոն եւրօ։ Որոշումը միաձայնութեամբ տրուեցաւ եւ անմիջապէս պէտք է գործադրուի։
Նոյեմբերին, հաղորդուած էր, որ Էմպափէ Փարիզ Սեն Ժերմենէն կը պահանջէ 263 միլիոն եւրօ փոխհատուցում։ Այս գումարը կը ներառէր պայմանագիրի աւարտէն ետք չվճարուած աշխատավարձքը եւ պոնիւսները։
Նիւթական պահանջներէն անկախ, Էմպափէ նախապէս մեղադրած էր Փարիզ Սեն Ժերմենի դէմ հոգեբանական ճնշում կատարելով, ինչպէս նաեւ 2023-ին ստիպողաբար պայմանագիրի ժամկէտը երկարաձգելու փորձերուն մէջ։
Նշենք, որ ան Փարիզ Սեն Ժերմենէն հեռացաւ 2024-ի ամրան, ազատ գործավարի կարգավիճակով միանալով Ռէալ Մատրիտին։
Փարիզ Սեն Ժերմեն իր կարգին յայտարարեց. «Փարիզ Սեն Ժերմեն ի գիտութիւն կþընդունի Փարիզի աշխատանքային դատարանին կողմէ կայացած որոշումը եւ կը պատրաստուի գործադրելու զայն, միաժամանակ ինքնիրեն վերապահելով բողոքի իր իրաւունքը։ Փարիզ Սեն Ժերմեն միշտ գործած է բարեխղճօրէն ու ազնուօրէն եւ կը շարունակէ այդպէս մնալ։ Ակումբը այժմ կը նայի միասնութեան եւ խմբային յաջողութեան վրայ կառուցուած ապագային եւ կը մաղթէ ֆութպոլիստին յաջողութիւն իր ապագայ ասպարէզին մէջ»։