Լիբանանի Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Այս Ուրբաթ՝ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Իժթիմահի – Aztag Daily

Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի ժողովէն ետք, երեքշաբթի օր որոշուեցաւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի ֆութպոլի յաջորդ մրցումը կատարել ուրբաթ օր, յետմիջօրէի ժամը 2։15-ին, Սաֆայի դաշտին վրայ, Թրիփոլիի Իժթիմահիին դէմ։

Մրցումը, որ պիտի ըլլայ Գ. դասակարգի Բ. շաբթուան մրցումներուն շարքին, պիտի ըլլայ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի 2-րդ մրցումը, ուր տղաքը պիտի փորձեն շահիլ իրենց 2-րդ մրցումը։ Իժթիմահի իր առաջին մրցումին 4-2 արդիւնքով պարտուած էր Հորր Ամելիէէն, մինչ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 1-0 արդիւնքով յաղթած էր Թաուֆիրին։

Գ. դասակարգին մէջ տկար խումբ չկայ, եւ կարեւոր է ամէն մրցումին պատրաստուիլ աւարտականի նման։

Պէտք է ըսել, որ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ իր առաջին մրցումին շատ լաւ էր պաշտպանողական գիծի առումով, բայց աւելի արդիւնաւէտ պէտք է ըլլալ։

Ստորեւ կը ներկայացնենք Բ. շաբթուան յայտագիրը.

ՈՒՐԲԱԹ
Թաուֆիր – Ժալիլ Քանա (Պհամտունի դաշտ)
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Իժթիմահի (Սաֆայի դաշտ)

ՇԱԲԱԹ
Հարաքեթ Շապապ – Հորր Ամելիէ (Թրիփոլիի դաշտ)

ԿԻՐԱԿԻ
Ահլի Սայտա – Ղատ Աֆտալ (Անսար գիւղի դաշտ)

 

 

Leave a Comment