ՀՄԸՄ-ական աթլեթ Զուլալ Պէզճեան մրցանիշներով հարուստ օր ունեցաւ «Ժումհուր» դպրոցի մարզադաշտին վրայ քանի մը օր առաջ։
Արդարեւ, Լիբանանի աթլեթի ֆետերասիոնին կազմակերպած տարեվերջի մրցումներուն ընթացքին, Զուլալ Պէզճեան 35,59 մեթր նետեց իր նիզակը (500 կրամ)՝ բարելաւելով 23 նոյեմբերին ձեռք ձգած իր մրցանիշը՝ 34,22 մեթր։
Աւելի ուշ ան 37,7 մեթր նետելով իր մրցանիշը բարելաւեց՝ անգամ մը եւս փաստելով, որ ինք փայլուն ապագայ կը խոստանայ։
Աղջկանց 18 տարեկանէն վար մրցումներուն արձանագրուած այս ազգային մրցանիշը կþապացուցէ, թէ որքա՛ն լուրջ կþաշխատի ան եւ մարզիչներու հետեւողական աշխատանքով կրնայ աւելի եւս բարելաւել իր արդիւնքնրը՝ բարձր պահելով ՀՄԸՄ-ի եւ Լիբանանի անունը։
Նշենք, որ մրցանիշներով հարուստ օրուան ընթացքին նոր մրցանիշներ ալ հաստատուեցան 60 մեթր տղոց (12 տարեկանէն վար), 50 մեթր անցարգել տղոց (14 տարեկանէն վար), նիզակ արձակելու (400 կրամ) 14 տարեկանէն վար աղջկանց, 4×80 մեթր դրօշարշաւ (16 տարեկանէն վար տղաք) եւ 60 մեթր (20 տարեկանէն վար տղաց) վազքի մրցումներուն։