Տոհայի մէջ (Քաթար) տեղի ունեցաւ «Ֆիֆա Տը Պեսթ 2025» մրցանակաբաշխութեան հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն ընթացքին ընտրուեցան տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստները, մարզիչները, խորհրդանշական հաւաքականները՝ տղոց եւ աղջկանց։
Երեկոյի գլխաւոր հերոսներէն էին Ուսման Տեմպելէ, Սանթիակօ Մոնթիէլ եւ Այթանա Պոնմաթի, իսկ «գերիշխող» ուժը՝ «Չեմփիընզ լիկ»-ի տիտղոսակիր Փարիզ Սեն Ժերմենը։
Փարիզի եւ Ֆրանսայի ազգային խումբի աստղ Ուսման Տեմպելէ ընտրուեցաւ տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստ։ 28 տարեկան Տեմպելէի համար այս մրցանակը եղաւ եղանակի անմոռանալի պարգեւ, որուն ընթացքին ան առանցքային դեր ունեցաւ փարիզեան ակումբի պատմական յաջողութեան մէջ։
Տեմպելէ Փարիզ Սեն Ժերմենը առաջնորդեց դէպի պատմութեան առաջին «Չեմփիընզ լիկ»-ի տիտղոս՝ նշանակելով 8 կոլ եւ կատարելով 6 էսիսթ։ Ան թէ՛ «Չեմփիընզ լիկ»-ի, թէ՛ «Լիկ 1»-ի «Էմ. Վի. Փի.» ընտրուեցաւ։
Տեմպելէ շահեցաւ նաեւ Ֆրանսայի ախոյեանութիւնը, բաժակը եւ գերբաժակը, ինչպէս նաեւ օգնեց, որ Փարիզ Սեն Ժերմեն հասնի ակումբներու մոնտիալի աւարտական։
Սանթիակօ Մոնթիել ստացաւ ՖԻՖԱ-ի Փուշքաշ մրցանակը՝ նշանակելէ ետք տարուան ամէնէն գեղեցիկ կոլը։ Արժանթինցի ծայրի յառաջապահ Մոնթիել Ինտիփենտիենթէի հետ շատ գեղեցիկ մկրատային հարուածով գրաւած էր Ռիվատավիայի բերդը։
Այթանա Պոնմաթի յաջորդական 3-րդ տարին ըլլալով շահեցաւ աղջկանց լաւագոյն ֆութպոլիստի մրցանակը։
27 տարեկան սպանացին Պարսելոնայի հետ չկրցաւ շահիլ «Չեմփիընզ լիկ»-ը եւ Սպանիոյ ազգային խումբին հետ Եուրոն, բայց երկու մրցաշարքերուն ալ ընտրուած էր լաւագոյն մարզիկ («Էմ. Վի. Փի.»)։
Ան Պարսելոնայի հետ շահած էր ախոյեանութիւնը, բաժակը եւ գերբաժակը՝ իրագործելով թրիպըլ մը։
Տարուան լաւագոյն մարզիչ ընտրուեցաւ Փարիզ Սեն Ժերմենի սպանացի մարզիչ Լուիս Էնրիքէ։ Սպանացի մասնագէտը Փարիզի համար պատմութիւն կերտեց՝ շահելով «Չեմփիընզ լիկ»-ը եւ Ֆրանսայի մէջ թրիպըլը։ Անոր խումբը ակումբներու Մոնտիալին յաղթած էր Պայերն Միւնիխին եւ Ռէալ Մատրիտին, բայց աւարտականին պարտուած էր Չելսիէն։
Ճիանլուիճի Տոնարումա ձեռք ձգեց տարուան լաւագոյն բերդապահի տիտղոսը։ Ան շատ յաջող եղանակ մը ունեցած էր Փարիզ Սեն Ժերմենի հետ եւ ամրան փոխադրուած Մանչեսթըր Սիթի։
Տարուան տղոց խորհրդանշական կազմին մաս կազմեցին Փարիզ Սեն Ժերմենէն 6 մարզիկներ, ինչպէս նաեւ աշխարհի ֆութպոլի երիտասարդ եւ ծանօթ աստղեր։
Բերդապահ՝ Ճիանլուիճի Տոնարումա
Յետսապահներ՝ Աշրաֆ Հաքիմի, Ուիլիան Փաչօ, Վերճիլ Վան Տայք, Նունօ Մենտեշ։
Միջնապահներ՝ Քոլ Փալմըր, Վիթինիա, Փերի, Ճուտ Պելինկհամ։
Յառաջապահներ՝ Ուսման Տեմպելէ եւ Լամին Եամալ։
Յուշանուէրներ ստացան նաեւ 18 տարեկան Լամին Եամալ, ինչպէս նաեւ Քոլ Փալմըր, որ ակումբներու մոնտիալի ոսկի գնդակը շահած էր։
Աղջկանց պարագային, լաւագոյն մարզիչ ընտրուեցաւ Սարինա Վիկման՝ իր ասպարէզին մէջ 5-րդ անգամ ըլլալով, Անգլիոյ ազգային խումբին հետ շահելէ աղջկանց Եուրոն, աւարտականին փենալթիներով յաղթելէ ետք Սպանիոյ։