Արեւմտահայերէն լուրեր 15 Դեկտեմբեր. 2025 — Հայաստանի Հանրային Ռադիո

• Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնեց Երեւանի քաղաքապետարանին եւ քաղաքապետին տօնածառի լոյսերու վառման փառահեղ արարողութեան համար։
• 15 Դեկտեմբերին Արարատ Միրզոյեան աշխատանքային այցով Պրիւքսէլ կը գտնուի։
• Գերմանիոյ մէջ Զելենսքին՝ Ուիթքոֆի եւ Քուշների հետ խաղաղութեան ծրագիրի շուրջ բանակցութիւններուն համար։
• Սիտնիի լողափին կրակոցներու զոհերուն թիւը 12-ի հասած է ։
• Ամերիկայի համալսարաններէն մէկուն մէջ տեղի ունեցած կրակոցներուն պատճառով՝ կայ 2 զոհ եւ 9-ը վիրաւոր։
• «Մանկական Եւրատեսիլ 2025» երգի մրցոյթին Հայաստանը գրաւեց 4-րդ դիրքը. յաղթող երկիրը Ֆրանսան է։

Leave a Comment