Սալամ. «Մեր Եղբայրներէն Ու Միջազգային Գործընկերներէն Չենք Խնդրեր, Որ Մեր Գործը Մեր Տեղ Ընեն, Այլ Մեզի Օգնեն»

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ բրիտանական «Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ յայտնեց. «Լիբանանի պատմութիւնը պէտք չէ քայքայմամբ աւարտի: Մեր ապագան պէտք է կառավարէ ուժեղ եւ արդիական պետութիւն մը, որ կ՛աջակցի աշխատանքի ու նորարարութեան նախաձեռնողական ոգիին, եւ յարատեւութեան, որով երկար ատենէ ի վեր ծանօթ են լիբանանցիները: Ուստի մեր կառավարութիւնը կը պնդէ ազգային նոր մեկնարկի մը վրայ, որ հիմնուած է երկու հիմերու վրայ` գերիշխանութեան եւ բարեկարգումին:

«Առաջին հիմքը, այսինքն` գերիշխանութիւնը վճռորոշ հարց է: Մենք կտրուկ կերպով կը կառչինք այն գաղափարին, որ միայն լիբանանեան պետութիւնը կրնայ իր հողերուն վրայ զէնք ունենալ, եւ լիբանանեան պետութիւնը առանձինը պատերազմի եւ խաղաղութեան վերաբերեալ որոշումներ տալու իշխանութիւնն ունի»:

«Միջազգային ընտանիքը պէտք է Իսրայէլի վրայ ճնշում բանեցնէ, որպէսզի դադրեցնէ իր թշնամական արարքները եւ ամբողջովին հեռանայ Լիբանանէն: Միջազգային ընտանիքը նաեւ պէտք է ամրապնդէ լիբանանեան զինեալ ուժերուն տրամադրուող աջակցութիւնը, որովհետեւ անիկա երկրին մէջ կայունութիւնը երաշխաւորելու ամէնէն կարող հաստատութիւնն է», գրեց ան:

«Լիբանան աւելի լայն շրջանի կայունութեան համար կարեւոր է: Մենք մեր եղբայրներէն ու միջազգային գործընկերներէն չենք խնդրեր, որ մեր աշխատանքը մեր տեղ ընեն, այլ մեր կողքին կանգնին եւ մեզի յաջողելու օգնեն», նշեց վարչապետը:

 

 

Leave a Comment