Արաուխօ Կրնայ Հեռանալ Պարսելոնայէն – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Պարսելոնայի յետսապահ Ռոնալտ Արաուխօ կրնայ լքել Պարսելոնան` առողջական պատճառներով:

26 տարեկան ուրուկուէյցի ֆութպոլիստը 25 նոյեմբերէն ի վեր դաշտ չէ ներկայացած: Սկիզբը քաթալոններու ակումբի գերմանացի մարզիչ Հանզի Ֆլիք յայտնած էր, թէ ան աղիքային բորբոքում ունի, բայց աւելի ուշ տեղեկութիւններ տարածուեցան, Արաուխօ արձակուրդ ուզած է հոգեբանական դժուարութիւններու պատճառով:

Ըստ կարգ մը աղբիւրներու, Չելսիի դէմ մրցումին իր ստացած կարմիր քարտը բաւական ծանր ազդած է անոր վրայ:

Անոր հոգեբանական խնդիրները շատ աւելի լուրջ են, քան ինչ որ կը կարծուէր, եւ ան այլեւս նոյնիսկ կրնայ Պարսելոնայի հետ չխաղալ ֆութպոլ:

Արաուխօ, որ 2018-էն ի վեր մաս կը կազմէ Պարսելոնային, այժմ կը գտնուի Երուսաղէմ` ուխտագնացութեան պտոյտով մը, ուր կ՛ուզէ աւելի մօտ ըլլալ քրիստոնէական արմատներուն, յոյսով, որ վերադառնայ աւելի պատրաստ:

Leave a Comment