«Էն. Պի. Էյ.» Պրանսըն 35 Կէտով Գլխաւորեց Նիւ Եորքի Յաջողութիւնը

Ճէյլըն Պրանսըն 35 կէտ նշանակեց եւ Ճոշ Հարթ աւելցուց 22 կէտ ի նպաստ Նիւ Եորք Նիքսի, որ 117-101 արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք Թորոնթօ Ռեփթըրզը, հասաւ «Էն. Պի. Էյ. Քափ»-ի կիսաւարտական:

Քարլ Անթոնի Թաունզ 14 կէտ եւ 16 ռիպաունտ աւելցուց ի նպաստ Նիւ Եորքի, որ իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով կը հասնի կիսաւարտական, ուր պիտի մրցի Օրլանտօ Մեճիքի դէմ:

Շաբաթ օրուան կիսաւարտականին Լաս Վեկաս պիտի հիւրընկալէ Օրլանտօ Մեճիքը, որ Մայեմի Հիթը դուրս ձգած էր 117-108 արդիւնքով:

Տեզմընտ Պէյն 37 կէտ նշանակեց ի նպաստ Օրլանտոյի, մինչ Նորմըն Փաուըլ 21 կէտ նշանակեց ի նպաստ Մայեմիի:

Արեւմտեան շրջանի քառորդ աւարտականին Ֆինիքս Սանզ պիտի մրցի Օքլահոմա Սիթի Թանտըրի դէմ, իսկ Լոս Անճելըս Լէյքըրզ` Սան Անթոնիօ Սփըրզի:

 

 

Leave a Comment