• Նիկոլ Փաշինեան եւ Ֆրիտրիխ Մերց Հայաստանի եւ Գերմանիոյ միջեւ ռազմավարական օրակարգի վերաբերեալ համատեղ հռչակագիր ստորագրեցին ։ Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմը հրապարակեց Հայաստանի եւ Գերմանիոյ միջեւ ստորագրուած հռչակագիրը։
• Վարչապետ Փաշինեան հանդիպում ունեցաւ գերմանացի խումբ մը գործարարներու եւ տնտեսական միաւորումներու ներկայացուցիչներուն հետ։
• Արմէն Գրիգորեան եւ Հիքմէթ Հաճիեւ համատեղ հարցազրոյց տուած են Euronews-ին։
• Աւստրալիոյ մէջ ուժի մէջ մտաւ մինչեւ 16 տարեկան երեխաներուն համար ընկերային ցանցերէն օգտուելու արգելքը։
• 14 Դեկտեմբերին հանրապետութեան գլխաւոր տօնածառի լոյսերը վառելու տօնական արարողութիւնն է։
