Սիմոնեանի Յուշատախտակը` Սպարտակի Դաշտին Մէջ

Մոսկուայի Սպարտակ ակումբի բոլոր ժամանակներու լաւագոյն ռմբարկու Նիքիթա Սիմոնեանի յուշատախտակի բացումը եղած է «Լուկոյլ Արենա» դաշտին մէջ:

Յուշատախտակի բացման արարողութեան ներկայ եղած են Սիմոնեանի աղջիկը` Վիքթորիա Սիմոնեան, Սպարտակի նախկին գլխաւոր մարզիչ Օլեկ Ռոմանցեւ, նախկին ֆութպոլիստ, Ռուսիոյ վեթերաններու ֆութպոլիստներու միութեան նախագահ Ալեքսանտր Միրզոյեան:

Նիքիթա Սիմոնեանի աղջիկը Սպարտակի թանգարանին փոխանցած է իր հօր` Ռուսիոյ աշխատանքի հերոսի պարգեւը, որ անոր շնորհուած էր 10 նոյեմբեր 2025-ին:

Յուշատախտակը բացուած է Ա. թրիպիւնին մէջ, որ կը կրէ Սիմոնեանի անունը:

Խորհրդային Միութեան ազգային խումբին հետ ողիմպիականի ախոյեան, հայկական պատմական ֆութպոլիստ Նիքիթա Սիմոնեան մահացած էր 23 նոյեմբերին` 99 տարեկանին: Հրաժեշտի արարողութիւնը տեղի ունեցած էր 27 նոյեմբերին, «Լուկոյլ Արենա»-ի մէջ:

 

Leave a Comment