Արաղչի Այցելեց Պաքու – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ նախանցեալ օր ընդունած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչին եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը: Այս մասին կը հաղորդեն ազրպէյճանական լրատուամիջոցները:

«Ազրպէյճանի եւ Իրանի միջեւ յարաբերութիւնները երկար պատմութիւն ունին: Այն փաստը, որ մեր ժողովուրդները դարեր շարունակ միասին ապրած են, յատուկ նշանակութիւն կու տայ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններուն», ըսած է ան:

Գոհունակութիւն յայտնելով վերջին շրջանին կապերու աշխուժացման նկատմամբ` ան ընդգծած է, որ Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանի այցելութիւնը, ինչպէս նաեւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու փոխադարձ այցելութիւնները նպաստած են համագործակցութեան հետագայ ընդլայնման:

Ազրպէյճանի նախագահը վստահութիւն յայտնած է, որ իրանեան պատուիրակութեան այցելութիւնը պիտի ըլլայ յաջող եւ արդիւնաւէտ:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը հաղորդէ, որ Արաղչի Ալիեւին վերահաստատած է Թեհրանի վճռականութիւնը` ամրապնդելու եւ ընդլայնելու Պաքուի հետ համագործակցութիւնը փոխշահաւէտ բոլոր ոլորտներուն մէջ:

Ան ընդգծած է մնայուն դիւանագիտական երկխօսութեան դերը թիւրիմացութիւններու վերացման եւ ընթացիկ խնդիրներու լուծման գործին մէջ:

Իրանեան դիւանագիտութեան պետը նաեւ ներկայացուցած է շրջանային առանցքային իրադարձութիւններու վերաբերեալ Թեհրանի տեսակէտը:

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով իր իրանցի գործընկերոջ հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին վերահաստատած է «3+3» ձեւաչափով հերթական հանդիպումը հիւրընկալելու պատրաստակամութիւնը` ընդգծելով, որ Հայաստան զայն մերժելու որեւէ պատճառ չունի:

«Երբ «3+3» ձեւաչափը ստեղծուեցաւ, նշուեցաւ, որ այս նախաձեռնութիւնը առաջարկած է Ազրպէյճանի նախագահը, եւ այս ձեւաչափի ծիրին մէջ տեղի ունեցած է երեք հանդիպում: 2024-ի հոկտեմբերին կայացած հանդիպումին ժամանակ առաջարկուեցաւ, որ յաջորդ հանդիպումը կատարուի Ազրպէյճանի նախագահութեան տակ` Հայաստանի հետագայ համաձայնութեամբ: Ցաւօք, նման համաձայնութիւն չէ գոյացած», ըսած է Պայրամով` միեւնոյն ժամանակ աւելցնելով. «Այժմ կացութիւնը այլ է` այդ հանդիպումներու կազմակերպումը կը քննարկուի այլ ուղիներով»:

 

Leave a Comment