«Վատիկանը Աշխարհի Տարածքին Մարդու Իրաւունքներու Ոտնահարման Դիմաց Ձեռնածալ Պիտի Չմնայ» Կ՛ըսէ Լեւոն ԺԴ. Պապը

Լեւոն ԺԴ. պապը Վատիկանի մօտ հաւատարմագրուած նոր դԵսպաններու առջեւ խօսք մը արտասանելով նշեց. «Վատիկան աշխարհի տարածքին մարդու իրաւունքներու ոտնահարման դիմաց ձեռնածալ պիտի չմնայ»:

«Կ՛ուզեմ վերահաստատել, որ Սուրբ աթոռը ձեռնածալ պիտի չմնայ հետզհետէ աւելի պառակտուած եւ տագնապներու ենթակայ համաշխարհային հասարակութեան մէջ հսկայական անհաւասարութիւններու, անիրաւութեան, մարդու հիմնարար սկզբունքներու ոտնահարումներուն նկատմամբ», յայտարարեց պապը:

«Սուրբ աթոռի դիւանագիտութիւնը շարունակ դէպի մարդկութեան բարիքի ծառայութեան կ՛ուղղուի, մասնաւորաբար խղճմտանքներուն կոչ ուղղելով եւ մտիկ ընելով աղքատներուն, փխրուն կացութեան մէջ ապրողներուն կամ դէպի հասարակութեան լուսանցք մղուողներուն ձայներուն», ըսաւ Լեւոն ԺԴ.:

 

Leave a Comment