Քալլաս Անդրադարձաւ Թրամփի Վարչակազմի Եւրոպական Միութեան Դիմադրողականութիւն Ցուցաբերելու Յայտարարութեան

«Եկէք կեդրոնանանք այն բաներուն վրայ, զորս մենք կրնանք միասնաբար ընել, ի՛նչ օգուտ կրնանք տեսնել այդ անվտանգութեան ռազմավարութենէն, որովհետեւ մենք տակաւին Ամերիկայի հետ դաշնակիցներ ենք», այս մասին յայտարարած է Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Քայա Քալլաս` պատասխանելով լրագրողի այն հարցումին, թէ Եւրոպական Միութիւնը ի՛նչ կը մտածէ Թրամփի վարչակազմի այն յայտարարութեան մասին, թէ Եւրոպան անկումի վիճակի մէջ է եւ պէտք է Եւրոպայի ներկայ ուղիին նկատմամբ դիմադրողականութիւն ձեւաւորել:

«Մենք ոչ միշտ ամէն ինչին նոյն աչքով կը նայինք, սակայն ատիկա մեր ներքին գործն է, եւ մենք կրնանք ինքներս լուծել այդ հարցերը:

«Եկէ՛ք կեդրոնանանք աւելի համաշխարհային հարցերու վրայ, ինչպիսիք են` Չինաստանի տնտեսական պարտադրողական վարմունքը, որուն մենք երկուքս ալ կ՛առնչուինք, եւ այն սպառնալիքը, որ կու գայ թշնամի դերակատարներէն, ինչպիսիք են` Ռուսիան, Չինաստանը, Իրանը», ընդգծած է Քալլաս:

Leave a Comment