Ալիեւին Յղած Իր Նամակին Մէջ. Թրամփ. «Շնորհակալութիւն Կը Յայտնեմ Ձեզի Փաշինեանի Հետ Միացեալ Նամակին Համար, Որով Թեկնածութիւնս Կ՛առաջադրէք Նոպելեան Խաղաղութեան Մրցանակին»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին յղած է նամակ մը: Այս մասին կը հաղորդեն ազրպէյճանական լրատուամիջոցները: Նամակին մէջ Թրամփ կ՛ըսէ.

«Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ վարչապետ Փաշինեանի հետ միացեալ նամակին համար, որով թեկնածութիւնս կ՛առաջադրէք Նոպելեան խաղաղութեան մրցանակին: Ես խոր երախտագիտութիւն կը յայտնեմ այս հեղինակաւոր մրցանակին համար, որ մեզ կ՛ոգեշնչէ շարունակելու մեր կարեւոր առաքելութիւնը:

«Իբրեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ` ես պիտի շարունակեմ յանձնառու ըլլալ աշխարհի վրայ տագնապներու դադրեցման եւ բոլոր մարդոց համար խաղաղութեան ու բարգաւաճման ապահովման: Ձեր շարունակական գործընկերութեան շնորհիւ մենք պիտի հասնինք անկարելիին:

«Կրկին շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ձեր շարունակական աջակցութեան համար»:

 

Leave a Comment