• Վարչապետը այս Կիրակի, 7 Դեկտեմբերին, Կիւմրիի Սուրբ Եօթ Վէրք եկեղեցւոյ մէջ պիտի մասնակցի սուրբ եւ անմահ պատարագի։
• Միացեալ Թագաւորութեան պաշտպանութեան հարցերով պետական նախարար Վերնոն Քոքեր Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիր այցելեց։
• Վիեննայի մէջ ԵԱՀԿ նախարարական համաժողովի շրջանակներուն մէջ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան շարք մը հանդիպումներ ունեցաւ պետական առաջնորդներու հետ։
• Դեսպան Մկրտչեան եւ քոնկրեսական Ֆայն Հայաստան-Ամերիկա յարաբերութիւններու յետագայ խորացումը քննարկած են։
• Թրամփ յոյս յայտնած է, որ պիտի կարենայ վերջ դնել ռուս-ուքրանական հակամարտութեան։
• Թրամփի մասնակցութեամբ Քոնկօն եւ Ռուանտան խաղաղութիւն կնքեցին։
