Բանակը Կը Հերքէ – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով հերքեց օտար կայքի մը հաղորդած` կարգ մը զինուորներու պատկանելիութեան եւ որոշ կողմի մը հաւատարմութեան վերաբերեալ տեղեկութիւնները` վստահեցնելով, որ բանակի բոլոր անդամները «զինուորական յստակ ու հաստատ հաւատամք ունին, եւ անոնց ամբողջական հաւատարմութիւնը զինուորական հաստատութեան ու հայրենիքին է»:

Բանակը կոչ ուղղեց` «չտարածելու կասկածելի լուրերը, որոնց նպատակը բանակը վարկաբեկելն է, մասնաւորաբար մեր հայրենիքին գտնուած ներկայ նուրբ կացութեան ընթացքին»:

Leave a Comment