Շիպանի Ստանձնեց Լիբանանի Դեսպանին Հաւատարմագիրները

Սուրիոյ արտաքին գործոց եւ արտերկրի սուրիացիներու հարցերու նախարար Հասան Շիպանի Դամասկոսի մէջ ընդունեց Լիբանանի դեսպան Հանրի Քասթունը, որ իր հաւատարմագիրներէն օրինակ մը յանձնեց նախարարին` առ ի պատրաստութիւն Սուրիոյ մէջ Լիբանանի դեսպանի իր պաշտօնի ստանձնման: Այս մասին հաղորդեց ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը:

 

 

Leave a Comment