Հայ բռնցքամարտիկ Սեպասթիան Տէրտէրեան տպաւորիչ յաղթանակ տարաւ իր արհեստավարժ բռնցքամարտի առաջին մենամարտին:
Ֆրեզնոյի (Միացեալ Նահանգներ) մէջ տեղի ունեցած բռնցքամարտի երեկոյի ժամանակ, ան առաջին ռաունտին իսկ նաք-աութի ենթարկեց ամերիկացի Տասթին Սփենսըրը` ցուցադրելով իր ուժն ու բարձր մակարդակը:
Մենամարտէն ետք ան նշեց, որ այս յաղթանակը յատուկ նշանակութիւն ունի իրեն համար: Ան իր յաղթանակը շաբաթ մը առաջ մահացած Վանես Մարտիրոսեանի յիշատակին նուիրեց:
«Ես այս յաղթանակը կը նուիրեմ իսկական պատմական անձի մը: Ռինկի վրայ իր արձանագրած բոլոր նուաճումներէն անկախ, ան կը յիշուի իբրեւ արժէքաւոր անձնաւորութիւն, իբրեւ ուժեղ հայ-ամերիկացի բռնցքամարտիկ, որ հասած էր համաշխարհային մակարդակի», ըսաւ ան` շնորհակալութիւն յայտնելով Միացեալ Նահանգներ ապրող բոլոր հայերուն աջակցութեան:
Նշենք, որ Սեպասթիանի երկուորեակ եղբայրը` Նիքոլայ Տէրտէրեան իր կարգին վերջերս յաջողութեամբ սկսած էր արհեստավարժ բռնցքամարտ:
Տէրտէրեան եղբայրները դանիական քաղաքացիութիւն ունին եւ միջազգային մրցաշարքերուն կը ներկայացնեն Դանիան: