Եութուպեան աստղը եւ ճամբորդը. Հայկ Սիսեռեանի պատմութիւնը. «Հայրենադարձի արկածները»

Հայկ Սիսեռեան 24 տարեկան է։ Ան տասը տարի առաջ Հալէպէն տեղափոխուած է Երեւան։ Հայկ ատամնաբոյժ ուսանած է, սակայն կ՛աշխատի տարբեր ոլորտի մէջ։ Հայկը տեսահոլովակներ կը նկարէ եւ ունի իր Եութուպեան ալիքը ու բազմաթիւ հետեւորդներ։

Հայաստան գալէն ետք դպրոցին մէջ՝ Հայկ աւելի շատ շփում ունեցած է սուրիացի ընկերներու հետ, որովհետեւ լեզուական դժուարութիւններ ունեցած է արեւելահայերէնի հետ կապակցութեամբ, սակայն այդ խնդիրները հարթուած են համալսարանական տարիներուն, երբ արդէն Հայկի լեզուն կամաց կամաց փոխուած է արեւելահայերէնի։ Հայկին համար մղիչ ուժը դեռ սկսած է Սուրիայէն՝ 13 տարեկանին, ապա ամենակարեւոր բանը Հայկի կեանքին մէջ եղած է Թումօն։ Ան վստահ է որ իր հմտութիւններու 70 տոկոսը եւ աւելին եղած է Թումոյի շնորհիւ։ Հայկ խորհուրդ կու տայ 12 էն 18 տարեկան պատանիներուն Թումօ կեդրոն յաճախել։

«Եութուպեան տեսահոլովակներէս մէկը ունեցաւ մէկ միլիոն դիտում եւ ես այդ վիտէոյէն շահեցայ հազար տոլար, այդ գումարով ես գնեցի իմ կեանքիս առաջին քամերան կամ լուսանկարչական գործիքը» ։ Ան հայ աշխարհի մէջ ունի մօտ կէս միլիոնէն մինչեւ մէկ միլիոն դիտում։ Ան սիրած է ստեղծարար եւ արուեստի ոլորտը, կը զբաղի նաեւ դերասանութեամբ։ Հայկ իր ուժերով ճամբորդած է Եւրոպայի 5 երկիրներ եւ մեծ տարբերութիւն չի գտներ Երեւանի ու Եւրոպայի մեծ քաղաքներուն միջեւ։ «Զգացի որ բոլոր աշխարհի մէջ մարդիկ նոյնն են, փողոցները նոյնն են , կրնայ ըլլլալ որ Վիեննայի մէջ սուր մաքրութիւն կայ, մաքրութիւն կայ նաեւ Երեւանի մէջ»,- Կ՛ըսէ մեր հիւրը։

Հայկ իր երազանքները որոշ չափով իրականցնելու ճամբուն վրայ է, ան վստահ է որ, մարդ միշտ ունի նորանոր երազանքներ մինչեւ իր կեանքի վերջին շունչը։ Մեր սահմանները կանգնած զինուորները յիշեց Հայկ եւ ըսաւ․ «Կ՛ուզէի, որ մեր երկիրը՝ Հայաստանը այնպիսի մակարդակի հասցնէինք, որ բոլորը աւելի երջանիկ ըլլային, երիտասարդները իրենց նպատակներու ետեւէն երթային, աւելի ապահովութիւն ըլլար մարդիկ չի մտածէին պատերազմներու մասին, պատերազմը վատ բան է, թող հեռու մնայ մեր երկրէն»։

Leave a Comment