Դանիոյ Վարչապետը Այցելած Է Կրինլանտ` Տեղւոյն Բնակիչներուն Աջակցութիւն Յայտնելու Համար
Դանիոյ վարչապետ Մեթթէ Ֆրետերիքսեն այցելած է Կրինլանտի մայրաքաղաք Նուուք` բանակցութիւններ վարելու տարածքի ղեկավար Ենս-Ֆրետերիք Նիլսենի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրես»` վկայակոչելով «Եուրոնիուզ»-ը: Ֆրետերիքսեն Նուուք հասած է Պրիւքսելէն, ուր մասնակցած էր Եւրոպական Միութեան ղեկավարներու վեհաժողովին եւ հանդիպած ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Մարք Ռիւթէի հետ: Նուուքի օդակայան էջք կատարելէ ետք Ֆրետերիքսենին դիմաւորած է Կրինլանտի վարչապետ Ենս-Ֆրետերիք Նիլսեն: … Read more