Ընդունելով Լը Տրիանը` Պըրրի. «Իսրայէլ Պէտք Չէ Լիբանանի Դէմ Իր Յարձակումները Շարունակէ»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Ֆրանսայի նախագահի պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տրիանը` իբրեւ Հնգեակ յանձնախումբի ներկայացուցիչ, ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրոյի: Պըրրի գնահատեց «Լիբանանին ու իրմէ պահանջուածը ամբողջացուցած անոր բանակին աջակցութեան ֆրանսական եւ բոլոր պետութիւններու ջանքերը»: «Լիբանան յարգեց ու կը յարգէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումը եւ նոյեմբեր … Read more

Պայրագտարեան Հանդիպում Ունեցաւ Արաբական Լիկայի Ընդհանուր Քարտուղարին Հետ

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան Գահիրէի մէջ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան արաբ նախարարներու ժողովներու ծիրին մէջ հանդիպումներ ունեցաւ շարք մը անձնաւորութիւններու հետ, որոնց շարքին Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթի, Քուէյթի երիտասարդութեան հարցերու պետական նախարար Ապտելռահման Մթէյրիի եւ Քաթարի երիտասարդութեան ու մարմնակրթութեան նախարար շէյխ Համատ Պըն Խալիֆա Ալ Թանիի հետ: Երէկ առաւօտեան Պայրագտարեանի … Read more

Ռաժժիի Արտայայտած Դիրքորոշման Վերաբերեալ Կեցուածքներ

Ամալ շարժումի ղեկավար մարմինի անդամ Խալիլ Համտան յայտնեց. «Հեգնական է, որ մեր կառավարութիւնն ու արտաքին գործոց նախարարը կ՛արդարացնեն սիոնական թշնամիին կողմէ լիբանանեան հողերու մէկ բաժինի գրաւումը, երբ նահատակներուն ու վիրաւորներուն արիւնը տակաւին չէ չորցած»: Ան կառավարութեան կոչ ուղղեց` իր քաղաքական դիրքորոշման ու աշխատանքային ծրագիրին մէջ փնտռելու, թէ ազգային գերիշխանութեամբ հետաքրքրուա՞ծ է կամ արտաքին գործոց նախարարի … Read more

Ըստ «Ժազիրա»-ի. Լիբանանեան Բանակը Աուալի Եւ Լիթանի Գետերուն Միջեւ Կացութեան Գումակային Տեսանկիւնէն Գնահատումը Կը Կատարէ

«Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ լիբանանեան զինուորական աղբիւր մը յայտնած է. «Բանակը Աուալի եւ Լիթանի գետերուն միջեւ կացութեան գումակային տեսանկիւնէն գնահատումը կը կատարէ»: «Բանակը այդ գնահատման վրայ հիմնուելով զէնքի մենաշնորհման երկրորդ փուլի պատկերացում մը պիտի մշակէ», նշած է աղբիւրը:    

Միացեալ Նահանգներ Լիբանանի, Եգիպտոսի Եւ Յորդանանի Մէջ Իսլամ Եղբայրներ Խմբաւորումը Ահաբեկչական Կազմակերպութիւն Կ՛որակէ

Միացեալ Նահանգներ Լիբանանի, Եգիպտոսի եւ Յորդանանի մէջ Իսլամ եղբայրներ խմբաւորումը ահաբեկչական խմբաւորում որակեց` ընդառաջելով իր արաբ դաշնակիցներու եւ պահպանողական ամերիկացիներու պահանջներուն: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Այս որակումը կ՛արտացոլացնէ Իսլամ եղբայրներ խմբաւորման մասնաճիւղերուն կատարած բռնարարքներուն եւ անկայունութեան դիմակայման համար շարունակուող ջանքերուն առաջին քայլերը»: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց եւ ելեւմուտքի … Read more

Կառավարութիւնը Որոշեց Ոչ Զինուորական Հանգստեան Կոչուածներուն Ամսական 12 Միլիոն Ոսկիի Դրամաշնորհ Տրամադրել

Երէկ վարչապետարանին մէջ տեղի ունեցաւ կառավարութեան նիստը` վարչապետ Նաուաֆ Սալամի նախագահութեամբ: Նիստէն ետք  տեղեկատուութեան նախարար Փոլ Մըրքոս ներկայացուց կառավարութեան որոշումները եւ յայտնեց, որ ժողովին ընթացքին քննարկուեցան բարգաւաճման առումով ծախսերը եւ եկամուտները շատցնելու կարելիութիւնները` հանրային սեփականութեան եւ պետութեան սեփականութիւնը եղող կալուածներու վերաբերող հարցերու կողքին: Մըրքոս հաստատեց, որ վերակառուցման օրակարգը երբեք անտեսուած չէ, եւ մօտիկ ապագային կը … Read more

Լիբանան Ճերմակ Հագաւ – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Երկուշաբթի, 12 եւ երեքշաբթի, 13 յունուար 2026-ին, Սեւ ծովէն Լիբանան հասած ձիւնամրրիկը երկիրը սպիտակով ծածկեց: Արդարեւ, սաստիկ ցուրտի այս ալիքը առատ ձիւն պատճառեց լեռնային շրջաններուն մէջ, իսկ ծովեզերեայ շրջաններուն մէջ առատ կարկուտ տեղաց: Այս ձիւնամրրիկը իր բարիքներուն առընթեր, իր աւերներն ալ գործեց, ինչպէս կարգ մը շրջաններու մէջ արմաւենիի ծառեր արմատախիլ եղան, իսկ Պէյրութի մէջ կարգ … Read more

Եգիպտոսի Մէջ. Պայրագտարեան Հանդիպում Ունեցաւ Եգիպտոսի Եւ Յորդանանի Իր Պաշտօնակիցներուն Հետ

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան երէկ այցելեց իր եգիպտացի պաշտօնակից, արաբ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարներու խորհուրդի գործադիր գրասենեակի նախագահ Աշրաֆ Սուպհիի, Եգիպտոսի վարչական նոր մայրաքաղաքին մէջ: Եգիպտացի նախարարի գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ եռակողմ հանդիպում մը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Յորդանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ռաէտ Ատուան: Քննարկուեցան Լիբանանը, Եգիպտոսը եւ Յորդանանը հետաքրքրող երիտասարդական եւ … Read more

Վարչապետարանին Մէջ Սալամ-Հնգեակ Հանդիպում – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ երէկ առաւօտեան վարչապետարանին մէջ ընդունեց Հնգեակ յանձնախումբի անդամ երկիրներու` Սէուտական Արաբիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի, Քաթարի եւ Եգիպտոսի դեսպաններ Ուալիտ Պուխարին, Միշել Իսան, Սէուտ Պըն Ապտելռահման Ալ Թանին եւ Ալա Մուսան: Վերջինս հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Քննարկեցինք շարք մը նիւթեր, որոնց կարեւորագոյնը կառավարութեան որդեգրած տնտեսական բարեկարգումները եւ կառավարութեան կողմէ խորհրդարանին ներկայացուած ելեւմտական բացի ծրագիրն … Read more

Եգիպտոս Սուրիոյ Ճամբով Լիբանան Օրական 50 Միլիոն Խորանարդ Մեթր Կազ Մղելու Սկսա՞ծ Է

Եգիպտացի կառավարական պաշտօնատար մը «Շարք» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած է, թէ Եգիպտոս կիրակի գիշեր սկսած է կազի արաբական խողովակաշարին ճամբով օրական շուրջ 50 միլիոն խորանարդ մեթր կազ մղել Լիբանան, ինչպէս նաեւ անցեալ շաբթուան վերջաւորութեան սկսած է 50 միլիոն խորանարդ մեթր կազ արտածել Սուրիա: Պաշտօնատարը ըսած է, որ իր երկիրը Սուրիոյ եւ Լիբանանի հետ համաձայնութիւն գոյացուցած է … Read more