Ապրուած Օրեր. Հարպ – Aztag Daily

ՐԱՖՖԻ ԱՐՏԱԼՃԵԱՆ Ընթերցողին: Ապրուած Օրեր» անունը նոր չէ: 1948-ին նոյն անունով լոյս տեսած է Արմէն Գարոյի գիրքը: Այս գրութիւնները անոր շարունակութիւնը չեն, այլ ուրիշ ժամանակի ու սերունդի ապրուած օրեր: Տարիներու ընթացքին կուտակուած այս յուշերը իմ կեանքիս պատառիկներն են, բայց նաեւ` մեր հաւաքական հայկական կեանքէն համեստ մաս մը: Անոնց մէջ կան օսմանահայ ընտանիքիս համն ու հոտը, … Read more

Սփիւռքի Ազգային Զօրաշարժի Խորհրդաժողովի Կլոր Սեղաններու Համառօտագիրներ (Դ.) – Aztag Daily

Սփիւռքի Զօրաշարժ Եւ ՎերաշխուժացումՅանուն Համազգային Նպատակներու Սփիւռքի դերակատարութիւնը պէտք է դուրս բերուի բարեսիրական կամ մշակութային սահմանափակ շրջանակներէն եւ զայն պէտք է տեղաւորել միջազգային իրաւունքի ու քաղաքական ազդեցութեան դաշտին մէջ: Այս մօտեցումը սփիւռքը կը դիտէ որպէս ռազմավարական դերակատար: Հայկական պետութեան զուգահեռ դիւանագիտութեան գաղափարը տեսականօրէն գրաւիչ է, բայց գործնականօրէն կախեալ կը մնայ այն պետութիւններու քաղաքական կամքէն, որոնցմէ … Read more

Երբ Օրէնքը Զէնքի Կը Վերածուի – Aztag Daily

Ր. Ս. Դ. ՊԵՏԵԱՆ Օրէնքի գերակայութեան եւ օրէնքով կառավարելու միջեւ էական տարբերութիւն կայ: Առաջինը ժողովրդավարական կարգի հիմքն է, իսկ երկրորդին պարագային, օրէնքը կրնայ վերածուիլ իշխանութեան ձեռքին քաղաքական գործիքի: Օրէնքի գերակայութիւն` կը նշանակէ, որ բոլորը` նախագահէն ու վարչապետէն մինչեւ ոստիկանն ու դատաւորը, ենթակայ են միեւնոյն օրէնքներուն: Օրէնքը պէտք է հաւասարապէս կիրարկուի բոլորին նկատմամբ, իսկ անկախ դատարանները … Read more

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Նախահայրերս – Aztag Daily

ՎԱՐԴԱՆ Բ. ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ Հայոց ցեղասպանութենէն ետք աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդը իրեն հետ տարաւ ոչ միայն իր անամոք վէրքերն ու յուշերը, այլ նաեւ` հայրենիքի մշակոյթը, աւանդութիւնները, լեզուն եւ ազգային ոգին: Սփիւռքի իւրաքանչիւր գաղութ դարձաւ կորսուած հայրենիքի մէկ փոքրիկ մասնիկը: Ասկէ առաջ անդրադարձած էի հօրս ծնողներուն` Խնուսի եւ Մուշի արմատներուն: Այս անգամ կ՛ուզեմ պատմել մօրս հօր Մարաշի արմատներուն … Read more

Ապրուած Օրեր. Զ. Երկու Ապրիլ 24 – Aztag Daily

ՐԱՖՖԻ ԱՐՏԱԼՃԵԱՆ Ընթերցողին: «Ապրուած օրեր» անունը նոր չէ: 1948-ին նոյն անունով լոյս տեսած է Արմէն Գարոյի գիրքը: Այս գրութիւնները անոր շարունակութիւնը չեն, այլ` ուրիշ ժամանակի ու սերունդի ապրուած օրեր: Տարիներու ընթացքին կուտակուած այս յուշերը իմ կեանքիս պատառիկներն են, բայց նաեւ` մեր հաւաքական հայկական կեանքէն համեստ մաս մը: Անոնց մէջ կան օսմանահայ ընտանիքիս համն ու հոտը, … Read more

Վերամո՛ւտ` Լաւատեսական Եւ Հարցադրական Եզրերով – Aztag Daily

ՊԱՐՈՅՐ Յ. ԱՂՊԱՇԵԱՆ Ահաւասիկ կրթական նոր տարեշրջան մը եւս կը դիմաւորենք` հրաժեշտ տալով նախորդ տարուան բարւոք, յաջող ու պատուաբեր անցումներուն, նոր յոյսերով, ակնկալութիւններով ու ծրագիրներով, «Բարի վերադարձ»-ի ու «Բեղուն տարեշրջան»-ի բարեմաղթութիւններով: Հայ դպրոցը եւ կրթական օճախը հայ ժողովուրդին համար միշտ եղած են (ու կը մնան) այն անփոխարինելի եւ աննկուն կառոյցները, որոնք մեր նոր սերունդներուն կու … Read more

Սփիւռքի Ազգային Զօրաշարժի Խորհրդաժողովի Կլոր Սեղաններու Համառօտագիրներ (Գ.) – Aztag Daily

Համաշխարհային պատմութեան ամբողջ ընթացքը պայքար է ազդեցութեան մեծացման համար: Մենք այդ պայքարում որդեգրել ենք պաշտպանական քաղաքականութիւն, մինչդեռ մենք նոյնպէս պէտք է մրցակցութեան մաս կազմենք` տնտեսական, գիտական եւ այլն, ապահովենք մեր ժողովրդի ու պետութեան համալիր զարգացումը: Մենք զարմանալի ժողովուրդ ենք: Կարողացել ենք դժբախտութիւնների միջով անցնել եւ պետութիւն ստեղծել, չենք վերացել: Մենք պէտք է հպարտանանք նաեւ մեր … Read more

Անթերի Գեղեցկութեան Թակարդը – Aztag Daily

ՍԻԼՎԱ ԻՍԿԻԿԵԱՆ-ՄԱՀՍԵՐԵՃԵԱՆ Այս օրերուն շատ ընթացիկ երեւոյթ է եւ ամէն գնով հետապնդուող ակնկալութիւն մը, որ կիներ, ինչ տարիքի ալ պատկանին, ունենան ողորկ ու անթերի մորթ, գեղեցիկ դիմագիծներ` փոքր քիթ, անհամեմատ մեծ շրթներ, փաս-փայլուն ճակատ, երկար ու թաւ թարթիչներով աչքեր, սահուն վիզ, եւ վերջապէս, գծաքաշով «գծուած» սլացիկ ու հրապուրիչ մարմին մը: Անշուշտ անցեալի համաչափութեան հասկացողութիւնը ամբողջութեամբ … Read more

Յիշելով Արշակ Ֆեթվաճեանը – Aztag Daily

Երէկ ծննդեան տարեդարձն էր հայկական կերպարուեստին մէջ ճարտարապետական բնանկարի հիմնադիր, ջրաներկի մեծագոյն վարպետներէն` Արշակ Ֆեթվաճեանի: Ֆեթվաճեանի ստեղծագործական ժառանգութիւնը բազմաբնոյթ է` դիմանկարներ, կրօնական եւ կենցաղային ստեղծագործութիւններ, ազգային տարազներով տիպարներ, ինչպէս նաեւ` Հայոց պատմութեան եւ դիցաբանութեան նուիրուած գործեր: Կոստանդնուպոլսոյ Գեղարուեստի կայսերական վարժարանին մէջ (1882-1887) եւ Հռոմի Սան Լուկա ակադեմիային մէջ (1887-1891) մասնագիտական կրթութիւն ստացած արուեստագէտը հետագային ընտրուած … Read more

Սլաք. Ըսեմ-Չըսեմ

Միջազգային իրադարձութիւններու եւ աշխարհի քաղաքականութեան մէջ որոշիչ դէմքերու յայտարարութիւններուն հետեւելով`  յաճախ կ՛անդրադառնաս, թէ ո՛վ է, ի՛նչ կրնայ ընել, ի՛նչ ըրած է եւ ինչո՛ւ հասած է այդ դիրքին: Պայման չէ, որ կարողութեան տէր ըլլան: Ոչ ալ պայման է նախապէս ի՛նչ գործ ստանձնած ըլլալը, ինչ պայմաններով այսօր ո՛ւր հասցուցած է իր ստանձնած պարտականութիւնները: Կարեւորը այն է, որ … Read more