Հարապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն շաբաթ առաւօտեան անակնկալ այցելութիւն մը տուաւ Նապաթիէ քաղաք եւ Զաութար Ղարպիէ գիւղ` ընկերակցութեամբ բանակի հրամանատար զօր. Ռուտոլֆ Հայքալի, Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ռայետ Ապտալլայի, Ընդհանուր ապահովութեան Ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Հասան Շքէյրի եւ Պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Էտկար Լաուանտոսի:
Նախագահ Աուն յայտնեց. «Ընդհանրապէս հարաւային Լիբանանի եւ մասնաւորաբար Նապաթիէի զաւակներուն տոկունութիւնը մեր կուրծքը զարդարող լաւագոյն շքանշանն է, եւ հակառակ պատերազմին անոնց կանգուն մնալը աշխարհին ուղղուած մեծագոյն պատգամն է, թէ այս հասարակութիւնն ու այս ժողովուրդը կարող են անգամ մը եւս ոտքի կանգնիլ եւ յաւիտեանս ոտքի մնալ»:
Յոյս յայտնելով, որ հարաւային Լիբանանի վէրքը մէկ անգամ ընդմիշտ փակուի, հանրապետութեան նախագահը շեշտեց. «Հարաւային Լիբանանի զաւակին իրաւունքն է ապահով ապրիլ եւ իր տունը կառուցել` միտքը հանգիստ ըլլալով, որ անիկա պիտի չքանդուի»:
«Իսրայէլի հեռացումը, գերիներու եւ տեղահանուած մեր ժողովուրդի վերադարձը եւ վերաշինութիւնը համազօր են ազգային սկզբունքներու, որոնց իրագործման յանձնառու է պետութիւնը, եւ անոնք բոլորին համար միացեալ նպատակներ են, որոնց շուրջ ոեւէ մէկը տարակարծիք չէ», նշեց Աուն:
Նախագահ Աուն իր խօսքը Նապաթիէի մէջ զինք դիմաւորողներուն ուղղելով ըսաւ. «Ապահովական մամիններու հրամանատարներուն հետ այստեղ եկանք, որպէսզի ձեր կողքին մեր կանգնիլը հաստատենք»:
«Ես գիտեմ, որ հարաւային Լիբանանի զաւակը կը սիրէ պետութիւնն ու անոր կառոյցները եւ պետութենէն բացի ոչ ոք կ՛ուզէ: Մեր պարտքն է ձեր կողքին կանգնիլ եւ ձեզի հաստատ մնալու բոլոր պայմանները ապահովել: Մենք կ՛ողջունենք այստեղ, հակառակ յարձակումին եւ ռմբակոծումներուն, ձեր հաստատակամութիւնը» :
«Յոյս ունինք, որ հարաւային Լիբանանի վէրքը մէկ անգամ ընդմիշտ պիտի բուժուի: Հարաւային Լիբանանի զաւակը իրաւունք ունի ապահով ապրելու, կառուցելու իր տունը` վստահ ըլլալով, որ անիկա պիտի չքանդուի կամ պիտի չոչնչացուի, մշակելու իր հողը եւ ապրելու արժանապատիւ կերպով, եւ ապրելու երկարատեւ ապահովութեան մէջ` 1969 թուականէն ի վեր սերունդէ-սերունդ կրած իր շարունակական տառապանքներէն ետք:
«Մենք ապրած ենք պատերազմը, ուստի անհրաժե՞շտ է, որ մեր երեխաները տառապին անկէ: Արդեօք անոնց արժանապատիւ ապրիլը մեր պարտականութիւնը չէ՞: Ասիկա մեր պարտականութիւնն է ամբողջ Լիբանանի եւ մասնաւորաբար հարաւային Լիբանանի զաւակներուն նկատմամբ, որովհետեւ եթէ հարաւային Լիբանանի վէրքը չբուժուի, ամբողջ Լիբանանի վէրքը պիտի չբուժուի», աւելցուց հանրապետութեան նախագահը:
Աուն Նապաթիէի սերային մէջ ալ իր արտասանած խօսքին մէջ ըսաւ. «Բանակը որեւէ օր Նապաթիէն չլքեց, ինչպէս նաեւ չլքեց լիբանանեան որեւէ գիւղ, ուր տակաւին լիբանանցի քաղաքացիներ կան»:
Նախագահ Աուն նաեւ Նապաթիէ իր այցելութեան ընթացքին յայտարարեց. «Ներկայիս Իսրայէլի հետ նոր բանակցութիւններ չկան»: