Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ վերջերս կատարուած յայտարարութիւնը` թէ պատրաստուող նոր սահմանադրութեան նախաբանը յղում պիտի չպարունակէ Անկախութեան հռչակագիրին, բնականաբար չի կրնար ընկալուիլ իբրեւ սովորական խմբագրական փոփոխութիւն: Խօսքը այն փաստաթուղթին մասին է, որ 23 օգոստոս 1990-ին ազդարարեց Հայաստանի անկախ պետականութեան հաստատման գործընթացին մեկնարկը եւ դարձաւ ներկայ Հանրապետութեան քաղաքական ու իրաւական ծննդեան վկայականը: Հռչակագիրը նաեւ կը սահմանէ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան մշակման, պետական մարմիններու գործունէութեան եւ նոր օրէնսդրութեան հիմքերը:
Գործող սահմանադրութեան նախաբանին մէջ Անկախութեան հռչակագիրին յղումը պատահական կամրջում կամ պատմական զարդարանք մը չի հանդիսանար: Նախաբանը կը հաստատէ, որ հայ ժողովուրդը սահմանադրութիւնը կ՛ընդունի` «հիմք ընդունելով Հայաստանի անկախութեան մասին հռչակագրում հաստատագրուած հայոց պետականութեան հիմնարար սկզբունքները եւ համազգային նպատակները»: Այս ձեւակերպումով ուղղակի կապ մը կը հաստատուի 1990-ի պետական կամքին եւ հետագայ սահմանադրական կարգին միջեւ:
Հետեւաբար, երբ նոր սահմանադրութեան հեղինակները կը յայտարարեն, թէ այդ կապը այլեւս պիտի չդրսեւորուի նախաբանին մէջ, հարցը կը գերազանցէ բառերու փոփոխութեան սահմանները: Այդ որոշումով պետութիւնը իր նոր հիմնական օրէնքին մէջ այլեւս բացայայտօրէն պիտի չյայտարարէ, թէ իր սահմանադրական ինքնութիւնը կը բխի 1990-ի Հռչակագիրին մէջ ամրագրուած հիմնարար սկզբունքներէն ու համազգային նպատակներէն:
Իրաւական ճշգրտութեան համար անհրաժեշտ է կարեւոր տարբերակում մը կատարել: Նոր սահմանադրութեան նախաբանէն Հռչակագիրին յղումը հանելը ինքնաբերաբար չի վերացներ 23 օգոստոս 1990-ի փաստաթուղթը: Անկախութեան հռչակագիրը առանձին պետական արձանագրութիւն մըն է: Այսօր ալ Հայաստանի իրաւական շտեմարանին մէջ կը ներկայացուի իբրեւ գործող փաստաթուղթ: Սակայն յղումին վերացումը կրնայ խզել կամ առնուազն թուլացնել այն սահմանադրական շղթան, որուն միջոցով անկախ Հայաստանի հիմնական օրէնքը մինչեւ այսօր ինքզինք կապած է անկախութեան հռչակման քաղաքական ու պատմական ակունքներուն:
Ահա այստեղ կը սկսի մտահոգութեան ամէնէն ծանր բաժինը:
Իշխանութեան ներկայացուցիչները կը բացատրեն, թէ իրենք գործող սահմանադրութենէն բառեր չեն ջնջեր, այլ «դատարկ թուղթի» վրայ նոր սահմանադրութիւն կը գրեն: Ձեւական առումով այս բացատրութիւնը կրնայ ընդունելի թուիլ, սակայն պետական շարունակականութեան տեսանկիւնէն գոյութիւն չունի «դատարկ թուղթ»: Պետութիւնները իւրաքանչիւր նոր սահմանադրութիւն չեն սկսիր պատմական զերոյէն: Հանրապետութիւնը ունի հիմնադրութեան ակունք, պետական յիշողութիւն, իրաւական ժառանգութիւն եւ ազգային նպատակներու շարունակականութիւն: Նոր սահմանադրութիւնը կրնայ բերել նոր ձեւակերպումներ եւ պետական կեանքի նոր շեշտադրումներ, սակայն ան չի կրնար խզել պետութեան շարունակականութիւնը եւ Հայաստանը ներկայացնել իբրեւ իր նախորդ պետական կամքին, պատմական յիշողութեան եւ ազգային նպատակներուն հետ որեւէ կապ չունեցող նորաստեղծ պետութիւն:
Աւելի՛ն. հարցը կը ծանրանայ արտաքին քաղաքական միջավայրին պատճառով: Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ հրապարակաւ եւ բազմիցս Հայաստանի սահմանադրութեան փոփոխութիւնը կապած է խաղաղութեան պայմանագիրի վերջնական ստորագրութեան հետ: Փետրուար 2026-ին ան բացայայտօրէն յայտարարեց, որ առանց այդ փոփոխութեան խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրութիւն պիտի չըլլայ` պատճառաբանելով, թէ Պաքու տարածքային պահանջ կը նկատէ Անկախութեան հռչակագիրին մէջ Արցախի վերաբերեալ դրոյթները:
Այս պայմաններուն մէջ, որքան ալ Երեւան փորձէ իր որոշումը ներկայացնել իբրեւ ինքնուրոյն սահմանադրական ընտրութիւն, քաղաքական իրականութիւնը զայն անխուսափելիօրէն պիտի դնէ Պաքուի առաջադրած պահանջին կողքին` ստեղծելով այն տպաւորութիւնը` կամայ թէ ակամայ, թէ` Ազրպէյճանի նախապայմանին հետ կը համընկնի Հայաստանի սահմանադրական փոփոխութիւնը:
Այդ կասկածին պատասխանելու համար անհրաժեշտ են փաստարկ, թափանցիկութիւն եւ համոզիչ բացատրութիւն` թէ ինչո՞ւ Հայաստանի պետականութեան ամրապնդումը կը պահանջէ սեփական հիմնադիր փաստաթուղթէն սահմանադրական հեռաւորութիւն ստեղծել:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան վերջին տարիներուն բացայայտօրէն արտայայտած է իր վերապահ վերաբերմունքը Անկախութեան հռչակագիրին մէջ ամրագրուած շարք մը գաղափարական դրոյթներու նկատմամբ: 23 օգոստոս 2025-ի իր ուղերձին մէջ ան Հռչակագիրին ժառանգած գաղափարական ուղղութիւններէն որոշները ներկայացուց իբրեւ անցեալի հակամարտային մտածողութեան արտայայտութիւններ, իսկ իր առաջադրած «Իրական Հայաստան» հայեցակարգը` իբրեւ պետական նոր մտածողութիւն մը, որուն կեդրոնը կը դրուին Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ սահմանները, ինքնիշխանութիւնը եւ միջազգայնօրէն ճանչցուած տարածքը` միաժամանակ նահանջ արձանագրելով Անկախութեան հռչակագիրին մէջ ամրագրուած պատմաքաղաքական տեսլականէն:
Այս տրամաբանութիւնը պէտք է լրջօրէն քննարկել, որովհետեւ խաղաղութեան ձգտումը ինքնին բնական, անհրաժեշտ եւ անվիճելի պետական նպատակ է: Հայաստանը պարտաւոր է ամէն հնարաւոր միջոցներով խաղաղութիւն որոնել, իր սահմանները ապահովել, պատերազմի վտանգը նուազեցնել եւ իր քաղաքացիներուն համար ստեղծել ապահով ու վստահելի կեանքի պայմաններ: Սակայն խաղաղութեան հաստատումը չի կրնար նշանակել, որ պետութիւնը պարտաւոր է արտաքին պահանջներու կամ քաղաքական ճնշումներու ազդեցութեան տակ վերագնահատել, վերաձեւակերպել կամ թուլացնել իր պատմական յիշողութեան, պետական շարունակականութեան եւ սահմանադրական համակարգին հիմքերը: Խաղաղութիւնը պէտք է ամրապնդէ պետութիւնը, ոչ թէ պայմանաւորէ անոր ինքնութեան վերաձեւումը:
Անհրաժեշտ է նաեւ հարց տալ` եթէ այսօր Անկախութեան հռչակագիրին որոշ դրոյթներ կը ներկայացուին իբրեւ խաղաղութեան խոչընդոտ, վաղը ի՞նչ այլ փաստաթուղթ, պետական որոշում, ազգային խորհրդանիշ կամ պատմական դիրքորոշում կրնայ նոյն տրամաբանութեամբ խնդրոյ առարկայ դառնալ: Պետական զիջումները վտանգաւոր նախադէպ կը ստեղծեն այն պահուն, երբ արտաքին կողմը կը համոզուի, որ ճնշումով կարելի է ներգործել ոչ միայն արտաքին քաղաքականութեան, այլ նաեւ երկրի ներքին սահմանադրական ինքնութեան վրայ:
Ասիկա չի նշանակեր, որ Անկախութեան հռչակագիրին ամէն տող պէտք է յաւերժ ընկալուի իբրեւ այսօրուան արտաքին քաղաքականութեան անմիջական ծրագիր: Պետութիւնները կը զարգանան, պայմանները կը փոխուին, իսկ պատմական փաստաթուղթերը կը մեկնաբանուին իրենց ժամանակին եւ ներկայ իրաւակարգին համադրութեամբ: Հայաստանի Սահմանադրական դատարանն ալ 2024-ին ընդգծած էր սահմանադրութեան նախաբանին առանձնայատուկ նշանակութիւնը` զայն նկատելով սահմանադրական արժէքներու եւ սկզբունքներու առանցքային ուղեցոյց:
Հետեւաբար «կա՛մ` Հռչակագիրը, կա՛մ` խաղաղութիւնը» ընտրանքը պարզունակ հակադրութեան վերածելը չի ծառայեր Հայաստանի շահերուն: Իրական պետականութիւնը կը պահանջէ կարողութիւն` խաղաղութիւն կառուցելու առանց ինքնութեան պատմական հիմքերը անպայման դնելու զոհասեղանին վրայ:
Անկախութեան հռչակագիրը նաեւ Ղարաբաղեան հարցէն շատ աւելի լայն բովանդակութիւն ունի: Ան կը հաստատէ ժողովուրդին գերիշխանութիւնը, Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը, մարդու իրաւունքներու սկզբունքները, իշխանութիւններու բաժանումը, բազմակուսակցութիւնը, պետական լեզուի դերը, տնտեսական ինքնուրոյնութիւնը եւ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման աջակցութիւնը:
Հետեւաբար, ամբողջ փաստաթուղթին նշանակութիւնը մէկ վիճելի դրոյթի շուրջ սահմանափակելը կը նսեմացնէ Անկախութեան հռչակագիրին պատմական, քաղաքական եւ պետական արժէքը: Այդպիսի մօտեցում մը կը ստուերէ այն հանգամանքը, որ Հռչակագիրը միայն առանձին դրոյթներու ամբողջութիւն մը չէ, այլ անկախ պետականութեան գաղափարը, ժողովուրդի ինքնիշխան կամքը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վերածնունդը ամրագրող հիմնարար պատմական փաստաթուղթ մըն է:
Առաւել եւս` անկախութիւնը սերունդներու միջեւ շարունակականութեան հարց է: 1990-ի Հռչակագիրը այն կամուրջն էր, որուն միջոցով Խորհրդային Հայաստանէն անցում կատարուեցաւ ինքնիշխան Հայաստանի Հանրապետութիւն: Նոր սահմանադրութիւնը կրնայ կատարելագործել պետական համակարգը, նոր երաշխիքներ ստեղծել եւ նոր պայմաններուն համապատասխանեցնել կառավարման կառուցուածքը: Սակայն եթէ ան փորձէ գիտակցաբար հեռանալ իր պատմական սկզբնաղբիւրէն, այդ քայլը անխուսափելիօրէն պիտի ընկալուի իբրեւ պետական ինքնութեան վերասահմանում:
Ամէնէն մտահոգիչը թերեւս այն է, որ նման փոփոխութիւններ հանրութեան ներկայացուին իբրեւ արհեստական կամ ժամանակակից պետականութիւն կառուցելու բնական քայլեր: Սահմանադրութիւնը սովորական օրէնք մը չէ: Ան պետութեան ինքնակենսագրութեան կարեւորագոյն էջն է, ուր ժողովուրդը կը յայտարարէ` ո՛վ է, ուրկէ՛ կու գայ եւ ի՞նչ արժէքներու վրայ կը կառուցէ իր ապագան:
Նոր սահմանադրութեան հանրաքուէն հետեւաբար պիտի ըլլայ շատ աւելի ծանր ընտրութիւն, քան իշխանութեան համակարգի կամ իրաւական ձեւակերպումներու մասին քուէարկութիւն մը: Հանրութիւնը պիտի որոշէ նաեւ` արդեօք Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր նոր հիմնական օրէնքին մէջ պիտի շարունակէ՞ բացայայտօրէն կրել 1990-ի անկախութեան կամքին ժառանգութիւնը, թէ՞ պիտի ընտրէ այդ ժառանգութենէն սահմանադրական հեռաւորութիւն պահելու ճանապարհը:
Պետութեան պատմական փաստաթուղթերը կարելի է վերաիմաստաւորել, բայց վտանգաւոր է զանոնք արտաքին ճնշումներու տակ քաղաքական բեռի վերածել: Խաղաղութիւնը արժէք ունի այն ժամանակ, երբ ան կը կառուցուի արժանապատուութեան, փոխադարձութեան եւ ինքնիշխան որոշումի վրայ: Իսկ այն խաղաղութիւնը, որուն գինը սեփական պետական յիշողութենէն յաջորդական հրաժարումներ պիտի ըլլան, կրնայ ապագային նոր պահանջներու դուռ բանալ:
Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր ապագան պէտք է կառուցէ խաղաղութեան վրայ, սակայն խաղաղութիւնը չի պահանջեր անցեալը ջնջել: Պետական իմաստութիւնը կը սկսի այն պահուն, երբ ժողովուրդ մը կը յաջողի նոր պայմաններուն մէջ յառաջ երթալ` առանց կտրելու այն արմատները, որոնցմէ ծնած է իր անկախ պետականութիւնը:
