Երէկ Սուրիոյ հետ սահմանի Մասնաայի անցակէտին վրայ ընթացք առին լիբանանեան արտադրութիւններու դէպի Սէուտական Արաբիա արտածումները:
Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ֆահտ Պըն Ապտելռահման Տոսարի այս առիթով ընդգծեց Լիբանան-Սէուտական Արաբիա յարաբերութիւններու խորութիւնը` շեշտելով. «Թագաւորութիւնը կը կանգնի Լիբանանի կողքին` վերականգնելու համար անոր բոլոր հողերուն վրայ անոր գերիշխանութիւնը»:
«Մենք միշտ Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն կողքին ենք», նշեց դեսպանը:
Սէուտական Արաբիոյ դեսպանը Մասնաայի սահմանային անցակէտ այցելեց Լիբանանի գիւղատնտեսական եւ արդիւնաբերական արտադրութիւններու Սէուտական Արաբիա եւ Արաբական ծոցի երկիրներ արտածման ընթացքին հետեւելու նպատակով, «քայլ մը, որ կ՛արտացոլէ առեւտրական փոխանակումներու խթանման եւ սահմանային անցակէտերով լիբանանեան արտածումներու շարժը դիւրացնելու կարեւորութիւնը»:
Ան շրջեցաւ մաքսային տարածքին մէջ, ուր հետեւեցաւ հսկողութեան եւ յայտնաբերման մեքանիզմներուն, ինչպէս նաեւ արտածման համար նախատեսուած բեռնափոխադրումներու եւ ապրանքներու ստուգման համար օգտագործուող նոր սարքերու աշխատանքին:
Այցելութեան աւարտին տասնեակներով բեռնակառքեր անցակէտին ճամբով մեկնեցան` ազդանշանը տալով լիբանանեան արտադրութիւններու դէպի Սէուտական Արաբիա արտածման մեկնարկին: