«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան կատարած հարցախոյզը ցոյց տուաւ, թէ ամերիկացիներու մեծամասնութիւնը կը կարծէ, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփն ու անոր ընտանիքը անոր իշխանութեան վերադառնալէն ի վեր թուայնացած դրամանիշերու օրէնքներուն հակասող կերպով օգտուած են, եւ անոր քաղաքական որոշումները կ՛ազդուին անոր ղեկավարած սեփական աշխատանքներէն:
Երկուշաբթի օր աւարտած քառօրեայ հարցախոյզը ցոյց տուած է, թէ Թրամփին աջակցող հանրապետականներուն կէսին կարծիքով` նախագահը կ՛արտօնէ, որ իր առեւտրական շահերը իր որոշումներուն վրայ ազդեն, ինչ որ ուշագրաւ արդիւնք է Թրամփի համար, որ խոստացած էր Ուաշինկթընը փտածութենէ մաքրել:
Ան անցեալ տարի իր ընտանիքի թուայնացած դրամանիշերու ոլորտի ծրագիրներէն աւելի քան 1,4 միլիառ տոլար շահած է, ներառեալ «Ուըրլ Լիպըրթի Ֆայնենշըլ» ընկերութիւնն ու «Թրամփ» թուայնացած դրամանիշի ճամբով:
Հարցախոյզի մասնակիցներուն շուրջ 63 առ հարիւրը ըսած է, թէ անպատշաճ է, որ Թրամփն ու անոր ընտանիքը այսպէս օգտուին, իսկ 32 առ հարիւրը զայն պատշաճ նկատած է: 10 հանրապետականներէն 3-ը այդ գործարքները անպատշաճ նկատած են:
14-17 օգոստոսին տեղի ունեցած հարցախոյզին մասնակցած են 1166 չափահաս ամերիկացիներ: