Պրազիլեան իշխանութիւններու ամերիկացի պաշտօնատարներու Պրազիլ մուտքի արտօնագիր տալ մերժելէն քանի մը օր ետք, Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները ջնջած են Ուաշինկթընի մէջ Պրազիլի դեսպան Մարիա Լուիզա Ռիպէյրօ Վիոթթիի մուտքի արտօնագիրը: Այս մասին ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն պաշտօնատար մը:
Պաշտօնատարին համաձայն, այս որոշումը դեսպանի` երկրէն վտարում չի նշանակեր, սակայն տեղի կ՛ունենայ այն պահուն, երբ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմին ու Պրազիլի ձախակողման նախագահ Լուիս Ինիասիօ Լուլա Տա Սիլվայի միջեւ վերանորոգ լարուածութիւն գոյութիւն ունի:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ այս քայլին դիմուած է իբրեւ հակադարձութիւն` Պրազիլի կողմէ Թրամփի Պրազիլիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի թեկնածուի մերժման եւ անցեալ շաբաթ ամերիկացի երկու դիւանագէտներուն Պրազիլի մէջ հոկտեմբերին նախատեսուած ընտրութիւններէն առաջ երկիր մուտք գործելու արտօնագիր չտրամադրելուն:
Ուաշինկթըն զգուշացուց, թէ դիւանագիտական յաւելեալ քայլերու կրնայ դիմել, եթէ Պրազիլիան շարունակէ Ֆլորիտայէն հանրապետական, եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյի մտերիմ դաշնակից եղող դեսպանի պաշտօնին թեկնածու` Տանիէլ Փերեզին հաւանութիւնը մերժել: