Թաուհիտ Արապի կուսակցութեան ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ ընկերային ցանցերու վրայ յայտարարութիւն մը հրապարակելով հարց տուաւ. «Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին հետաքրքրուած չէ՞ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի Դամասկոսի ահաբեկչական վարչակարգի կամքին ենթակայութեամբ»:
Ան խօսքը Պըրրիին ուղղելով ըսաւ. «Մենք քեզի կը սիրենք, սակայն կը ցաւինք, որ լուռ ես Սալամի, փոխվարչապետ Թարեք Մըթրիի եւ գործողութիւններուն վերաբերեալ բոլոր այն մարդոց, որոնք ծախած են Լիբանանի գերիշխանութիւնն ու արժանապատուութիւնը»:
Ուահապ խօսքը ուղղեց «Դամասկոսի վարչակարգին վրայ գրաւ դրած բոլորին, անոնք Սալամի հետեւորդներ ըլլան կամ Դիմադրութեան նախկին առանցքին հետեւորդները, որովհետեւ Հըզպալլայի նախկին ընդհանուր քարտուղար, հանգուցեալ սէյիտ Հասան Նասրալլայէն ետք առանցքը վերջ գտաւ», եւ ըսաւ. «Դուք պատրանքի վրայ գրաւ կը դնէք, եւ այդ իրականութիւնը յառաջիկային պիտի հաստատուի»: