Ներքին Գործոց Նախարարը Ընդունեց Նախարար Պայրագտարեանը

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Ահմետ Հաժժար իր գրասենեակին մէջ ընդունեց երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեանը:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկու նախարարութիւնները հետաքրքրող հասարակաց նիւթերը, ի մասնաւորի նախարարաց խորհուրդին որդեգրած «Մարզական շաբթուան» կազմակերպման վերաբերող համադրումը եւ նախարարութիւններուն միջեւ համագործակցութիւնը` զանազան շրջաններու քաղաքապետութիւններուն հետ կապ հաստատելու առումով, այդ շրջաններուն մէջ մարզական օրը լաւապէս կազմակերպելու նպատակով:

 

Leave a Comment