Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն ընդունեց Քանատայի միջազգային բարգաւաճման հարցով պետական նախարար Ռանտիփ Սարայը եւ անոր հետ քննարկեց Լիբանան-Քանատա յարաբերութիւններն ու բոլոր ոլորտներուն մէջ զանոնք զարգացնելու կարելիութիւնները: Հանդիպումին ներկայ էր Լիբանանի մէջ Քանատայի դեսպան Կրեկըրի Կալիկըն:
Քանատացի նախարարը վերահաստատեց իր երկրին աջակցութիւնը Լիբանանին անոր դիմագրաւած պայմաններուն մէջ եւ պատրաստակամութիւնը` օգնելու մարդասիրական ու զարգացման ոլորտներուն մէջ` հիմնուելով Լիբանանի եւ Քանատայի միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններուն վրայ:
Ան նախագահին յանձնեց Քանատա այցելելու եւ պաշտօնատարներուն հետ հանդիպում ունենալու հրաւէր մը:
Նախագահ Աուն իր հիւրին ներկայացուց ներկայ կացութեան տարբեր կողմերը, մասնաւորաբար կեդրոնանալով «մարդասիրական եւ ընկերային ոլորտներուն մէջ քանատական օժանդակութիւններու կարեւորութեան, մանաւանդ հարաւցիներու իրենց գիւղեր վերադարձին օգնելու եւ իսրայէլացիներուն կողմէ քանդուած գիւղերու եւ գիւղաքաղաքներու մէջ անոնց բնակութիւնը ապահովելուն վրայ` տրամադրելով ժամանակաւոր բնակութեան համար պատրաստ բնակարաններ, սպասելով վերաշինութեան հոլովոյթին, որ իսրայէլեան հեռացումէն եւ բանակին մինչեւ միջազգային սահմաններ տեղակայուելէն ետք պետութիւնը պիտի ստանձնէ»: