Արտաքին կապերու եւրոպական ծառայութեան (EEAS) պաշտօնական ներկայացուցիչ Անիթա Հիփըր յայտարարեց, որ Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ առեւտրական եւ տարանցիկ սահմանափակումներու վերացումը, ինչպէս նաեւ ազրպէյճանական եւ հայկական համայնքներու միջեւ կապերու ընդլայնումը կը նկատէ երկու երկիրներուն միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի նախագիծի նախաստորագրութենէն ետք անցած մէկ տարուան հիմնական ձեռքբերումները:
Հիփըր ազրպէյճանական «Ռիթփոր» կայքին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին դիտել տուաւ, որ 8 օգոստոս 2025-ին խաղաղութեան պայմանագիրի նախագիծի նախաստորագրութիւնը եւ խաղաղութեան գործընթացին վերաբերեալ միացեալ հռչակագիրի ստորագրութիւնը «պատմական քայլեր» են Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու լիակատար կարգաւորման ճամբուն վրայ: «Այդ ատենէն ի վեր կողմերը հասած են կարեւոր յառաջընթացի, որ օգուտ բերած է երկու երկիրներուն», նշեց Հիփըր:
Ան շեշտեց, որ Եւրոպական Միութիւնը կարեւոր կը նկատէ առեւտրական եւ տարանցիկ սահմանափակումներու վերացման, պահուող անձերու ազատ արձակման եւ երկու երկիրներու ներկայացուցիչներուն միջեւ կապերու ընդլայնման կարեւորութիւնը` «Խաղաղութեան կամուրջ» նախաձեռնութեան ծիրին մէջ:
Միեւնոյն ատեն, Պրիւքսել այն կարծիքին է, թէ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները պէտք է շարունակեն կեանքի կոչուիլ, իսկ խաղաղութեան պայմանագիրը պէտք է ստորագրուի եւ վաւերացուի:
«Եւրոպական Միութիւնը նաեւ կ՛աջակցի կարգաւորման ուղիի հետագայ գործնական քայլերուն, որոնց կարգին` երթեւեկային հաղորդակցութեան փոխկապակցուածութեան, առեւտուրի եւ ուժանիւթի մարզերուն մէջ համագործակցութեան ընդլայնման», յայտնեց Հիփըր:
Ան աւելցուց, որ շարունակաբար կարեւոր նշանակութիւն ունին սահմանազատման եւ սահմանագծման հարցերուն մէջ հետագայ յառաջընթացը, մարդասիրական խնդիրներու լուծումը եւ հաշտեցման ուղղուած ջանքերը, նաեւ` հասարակական մակարդակի վրայ:
«Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է ցուցաբերել հետագայ աջակցութիւն եւ տրամադրել մասնագիտական օգնութիւն այս բոլոր մարզերուն մէջ», եզրափակեց Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչը: