Քապալան. «Պէտք Է Սէուտական-Իրանեան-Լիբանանեան Կարգաւորում Ապահովել` Հայրենիքը Քաղաքական Յոռեգոյն Երեւոյթէն Պաշտպանելու Համար»

Ժաաֆարականներու միւֆթի շէյխ Ահմետ Քապալան յայտնեց. «Լիբանանը երկիր մըն է, որ հիմնուեցաւ եւ հիմնուած է ազգային գործընկերութեան վրայ, ոչ թէ իշխանութեան խմբակի քայլին ու կողմնակի յանձնառութիւններուն վրայ, որոնք այս երկրի գերիշխանութեան խորքը կը հարուածեն: Իշխանութիւնը ինքն է, որ Լիբանանը կը դնէ երկու ընտրանքներու առջեւ` կա՛մ սադրանքի վտանգին մէջ դնել, կա՛մ ալ զայն ամէնէն վտանգաւոր սադրանքէն հեռու պահել»:

Ան ցաւ յայտնեց, «որովհետեւ (իշխանութեան) կատարածը գերիշխանութեան բնաջնջում, ազգային աղէտ, եւ ազգային ամօթ է, որ այս երկրագունդին ծովերու բոլոր ջուրերը իսկ չեն կրնար մաքրել»:

«Երկիրը ներքնապէս պառակտուած է արտասահմանին մէջ ստեղծուած այս իշխանական կառոյցին ձեռամբ, եւ որպէսզի երկիրը չկորսուի, պէտք է ապահովուի Սէուտական Արաբիա-Իրան-Լիբանան կարգաւորում` հայրենիքը քաղաքական յոռեգոյն երեւոյթէն պաշտպանելու համար», նշեց շէյխ Քապալան:

«Սէուտական Արաբիան ու Իրանը որքան ալ իրարմէ հեռանան, անոնք շրջանային մակարդակի վրայ պիտի մերձենան` շրջանին մէջ տեղի ունեցող փոխակերպումներու եւ խաչաձեւուող շահերու բնոյթին պատճառով, եւ ատով Լիբանանը ուրախ շունչ մը պիտի քաշէ, որովհետեւ այս շրջանային կարգաւորման միջոցով երկիրը պիտի ազատի Լիբանանի պատմութեան մէջ երբեւէ գոյութիւն ունեցած եւ գոյութիւն ունեցող յոռեգոյն քաղաքական խումբէն», ըսաւ Ժաաֆարականներու միւֆթին:

Leave a Comment